2008-11-11 14:00:21

Լուրեր Հայրենի Կեանքէն:


Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հարցազրոյցը Ազատութիւն Ռատիոյկայանին։

Ազատութիւն Ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի մը մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան դարձեալ անդրադարձած է՝ Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան անհրաժեշտութեան։ Պատասխանելով Մոսկուայի մէջ 2 նոյեմբերին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կողմէ ստորագրուած հռչակագիրին վերաբերող հարցումի մը՝ Բակօ Սահակեան ըսած է ՝՝Այնքան ատեն, որ միջազգային հանրութիւնը, շրջանի երկիրները, միջնորդները կը փորձեն իրենց ազդեցութիւնը ունենալ եւ հարցը իր տրամաբանական աւարտին հասցնել, ի հարկէ, անոնց այդ փորձը ողջունելի է։ Խօսքը երկխօսութեան մասին է, եւ մենք այս տարիներուն ընթացքին միշտ մեր յայտարարութիւններուն մէջ կընդգծէինք, որ անհրաժեշտ է այդպիսի երկխօսութիւն ծաւալել լայն երկխօսութիւն ծաւալել։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր երկխօսութիւն իր դրական ազդեցութիւնը կունենայ հարցի լուծման գործընթացին վրայ, բայց մենք, միեւնոյն ժամանակ կը նշենք, որ այդ երկխօսութիւնը եւ բոլոր ջանքերը, որոնք կը գործադրուին միջազային հանրութեան կողմէ, եւ յատկապէս վերջերս Ռուսիոյ նախաձեռնութիւնը, որ նոյնպէս կը միտի այդպիսի երկխօսութիւն ծաւալել, եւ քաղաքակիրթ պայմաններու մէջ հարցին լուծում տալ։ Ի հարկէ, այդ ամէնը ողջունելի է։ Բայց մենք կաւելցնենք, որ այդ ամէնը թերի է, քանի որ չի մասնակցիր հիմնական կողմը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը(ըսած է Բակօ Սահակեան)։

՝՝Ուէսթըրն Մայնզ՝՝ Ընկերութիւնը Հայաստանի Մէջ Ներդրումներ Պիտի Կատարէ։

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտնած, թէ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Նոյեմբեր 6ին հանդիպում ունեցած է ադամանդագործութեան եւ ոսկեգործութեան աշխատանքներու մասնագիտացած ՝՝Ուէսթըրն Մայնզ Քամփընի՝՝ ընկերութեան տնօրէն Շերմոն Սիսիի հետ։Ընկերութիւնը մտադրութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ակնագործութեան եւ ոսկեգործութեան փոխշահաւէտ ներդրումներ կատարելու, հայ գործընկերներու հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու նպատակով։Շերմոն Սիսի, Տիգրան Սարգսեանին ըսած է , թէ նախքան Հայաստան ժամանելը, ան հանդիպում ունեցած է նաեւ իր երկրի՝ Արեւմտեան Ափրիկէի Սիերա Լէոնէի հանրապետութեան նախագահին հետ, որ իր կարգին ողջունած է ընկերութեան մտադրութիւնը՝ Հայաստանի հետ գործարար կապեր հաստատելու ուղղութեամբ, եւ նշած է, որ իր երկրին կառավարութիւնը պատրաստ է հնարաւորութան սահմաններուն մէջ աջակցելու այդ ծրագրի իրագործման։





Հայաստանի Ազգային Գրադարանը Մշակութային Ժառանգութեան Շտեմարան։

Հայաստանի Ազգային Գրադարանի պատմութեան սկիզբը կը համարուի 1832 թուականը, երբ հիմնադրուած է Երեւանի Արական Գիմնազիայի Գրադարանը։ 1997 թուականին, Ալ. Միասնիկեանի անուան հանրային Գրադարանը վերանուանուած է ՝՝Հայաստանի Ազային Գրադարան՝՝, իսկ 2003 թուականին՝ ՝՝Հայաստանի Ազգային Գրադարան պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն՝՝։ Գրադարանի աւելի քան 65 միլիոնի հաւաքածոն ձեւաւորուած է պետական, հասարակական, գիտական եւ մշակութային նշանաւոր գործիչներու անձնական գրադարաններու, կրթական եւ ուսումնական հաստատութիւններու հաւաքածոներու եւ նուիրատուութիւններու հիման վրայ։ Մեծահարուստ այս գանձարանին մէջ կը պահպանուին հայերէն առաջին տպագիր գիրքերը՝ 1512-1513ի մէջեւ հրատարակուած (Վենետիկ), առաջին քարտէսը՝ 1695ին (Ամսթերտամ), առաջին պարբերականը՝1794ին(Մատրաս) եւ եզակի ու մեծարժէք այլ հրատարակութիւններ։ Գրադարանը ունի մասնագիտական 14 ընթերցասրահներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.