2008-11-11 13:55:43

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Մեծ թիւով իսրայէլեան զէնքեր կը տրամադրուին Ատրպէյճանին։

՝՝Արմինիան Միրոր Սփէքթէյթըր՝՝ շաբաթաթերթը կը գրէ որ Իսրայէլ կը շարունակէ հարիւրաւոր միլիոններու արժողութեամբ արդիական զինամթերք վաճառել Ատրպէյճանին։ Ներկայիս անկայուն վիճակի մէջ գտնուող Կովկասին մէջ, վտանգաւոր երեւոյթ կը հանդիսանայ այս, քանի որ Ռուսաստանի եւ Վրաստանի միջեւ բախումները եւ անոնց յաջորդած Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութեան ճանաչումը Ռուսիոյ կողմէ, ոչ միայն ցնցում յառաջացուցին ամբողջ աշխարհի մէջ, այլ նաեւ փոխեցին տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական քարտէսը։ Սոյն Թերթի Հաղորդումին մէջ կը վկայակոչուի նաեւ իսրայէլեան Քնեսէթի անդամ եւ իսրայէլա-ատրպէյճանական միջխորհրդային խմբաւորման նախագահ Ժոզէֆ Շաքալի խօսքը, թէ ՝՝տնտեսական, եւ ռազմական համագործակցութիւնը հնարաւոր է Ատրպէյճանին հետ՝՝։



Թուրք դատաւոր մը հրապարակաւ կը քննադատէ Հայոց

Ցեղասպանութեան մերժումը։

Վերջին ամիսներուն թրքական մամուլին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մեծապէս ցաւակցող բազմաթիւ յօդուածներ լոյս տեսած են ՝ հակառակ այս արգիլուած նիւթին քննարկումը քրէական յանցանք նկատող Թուրքիոյ ճնշիչ օրէնքներուն։ Այդպիսի յօդուածներէն մէկը լոյս տեսաւ ազատական Թարաֆ թրքական օրաթերթի 30 Հոկտեմբերի թիւին մէջ։ Անոր հեղինակը անհաւանական գրող մըն է՝ Իզմիրի մօտ գտնուող Օտեմիշ-էն դատաւոր Ֆարուք Օզսուն։ Այս մէկը թերեւս առաջին անգամն է, որ պաշտօնի վրայ գտնուող թուրք դատաւոր մը ըլլալով հրապարակաւ այսպիսի համարձակ մտածումներ կարտայայտէ՝ անտեսելով քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածը։ Ան կը քննադատէ եւ կը ձաղկէ տասնամեակներէ ի վեր հասարակութեան մէջ ներարկուած թրքական կառավարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան աղաւաղուած տարբերակը։ Դատաւոր Օզսու կը հաստատէ, որ թուրք մերժողականները իրենք զիրենք կը հակասեն՝ առաջին հերթին մերժելով 1915-ին պատահածը, ապա յայտնելով, որ այդ սպանութիւնները կատարուած են՝՝ ի պաշտպանութիւն հայրենիքին՝՝։

Անդրադառնալով վերջերս Հայոց Ցեղասպանութիւնը մերժելնուն համար զուիցերիական դատարանի մը կողմէ դատապարտուած երեք թուրքերուն՝ դատաւոր Օզսու կ՝ըսէ, ի տարբերութիւն թրքական համատարած սխալ ներկայացման, Զուիցերիա խօսքի ազատութիւնը չսահմանափակեց, այլ իրողութեան մէջ մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանեց։ Աւելի՛ն ան կը ձաղկէ բոլոր անոնք, որոնք կը յայտնեն, որ՝ խօսքի ազատութեան տեսանկիւնէն դիտուած՝ Թուրքիա Զուիցերիայէն աւելի յառաջադէմ է, յայտարարութիւն մը, որ ան ծիծաղելի կը նկատէ։ Ըստ իր դատողութեան, անոնք, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական պաշտօնական գիծին կը հետեւին, կոյր հայրենասէրներ են, որոնք դաւաճանութեամբ կամբաստանեն բոլոր անոնք, որոնք այս նիւթին վերաբերեալ նուազագոյն մարդկային զգացումը ցոյց կու տան։



Թուրք Դատաւոր Օզսու ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ պարզ մարդ մը, որ իր խղճմտանքը չէ կորսնցուցած՝ հակառակ ազգայնական կրթութեան։ Ան կը բացատրէ, որ քանի Զուիցերիա 1915-ը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցած է, այդ երկրին մէջ գտնուողները ստիպուած են յարելու տեղւոյն օրէնքին։։ Ան կը մէջբերէ Էլի Վայզըրլը, որ կըսէ, թէ ՝՝ցեղասպանութեան մերժումը ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է՝՝։ Ահա թէ ինչո՛ւ դատաւորը կը սէ թէ Պարտաւորիչ է հերքումը քրէական յանցանք նկատել։

Դատաւորը ժխտական կերպով կը գնահատէ իր երկրին կրթական համակարգը, որ թուրքերը 1915-ին վերաբերեալ անտեղեակ կը պահէ, մինչ Թուրքիայէն դուրս գտնուող անձեր,( որոնք թրքական կրթութիւն չեն ստացած), հարցերը տարբեր ձեւով կը դիտեն։ Բացատրելով, որ ցեղասպանութիւն եզրը հնարուած էր 1933-ին՝ Ռաֆայէլ Լեմքին անունով լեհ-հրեայ փաստաբանի մը կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք եւ Հրէական Ողջակիզումէն առաջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ կողմէ ստորագրուած Ցեղասպանութեան Ուխտը ներշնչուած էր՝ Հայոց ցեղասպանութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.