2008-11-10 14:26:20

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։ Նենսի Փէլոզի կը Շնորհաւորէ Յովիկ Աբրահամեանը։ Յովիկ Աբրահամեանի Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուելուն առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Տիկին Նենսի Փելոսի։ 


՝՝Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն անունով կուզեմ շնորհաւորել Ձեզ, Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուելու առիթով։ Կակնկալեմ, որ կարելիութիւններ կը ստեղծուին մեր օրէնսդիր մարմիններու աշխատանքներուն միջոցով ամրապնդելու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները,՝՝ նշուած էՓելոզիի շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

20 Հոգի Զոհ Կ՝երթայ Ռուսական Հիւլէական Սուզանաւի Արկածին։ Քսան հոգի զոհ ացած է ռուսական հիւլէական սուզանաւի մը մէջ տեղի ունեցած արկածի մը, որ( ըստ կարգ մը մեկնաբաններու), կուգայ Քրեմլինի փառամոլութեանց ու անոր զինուորական կարողութեանց միջեւ գտնուող վիհը բացայայտելու։

Արկածը տեղի ունեցաւ, մինչ սուզանաւը Խաղաղական ովկիանոսին մէջ փորձարկումի կենթարկուէր։Ասիկա 2000-ին 118 նաւազներու մահուան պատճառ դարձած Քուրսք սուզանաւի արկածէն ետք ռուսական ծովուժը հարուածող մեծագոյն արկածն է։Այս նորագոյն դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կատարող դատախազներ յայտնեցին, որ կը կարծեն, թէ ՝՝զոհերը մահացած են հրշէջ թունաւոր կազեր ներշնչելու պատճառով՝՝, երբ սուզանաւի հրշէջային համակարգը անսպասելի կերպով բանած է։Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ պաշտպանութեան նախարարութեան հրամայած է՝՝ ամբողջական հետաքննութիւն մը կատարե՝՝լ։

Եւրոպական Միութեան Տեղեկագիրը Կը Քննադատէ Ու Կ՝ընդգծէ Թուրքիոյ Մէջ Բարեփոխումներու Չգոյութիւնը։ Ըստ Թուրքիոյ մասին Եւրոպական Միութեան պատրաստած տարեկան տեղեկագիրին, Թուրքիոյ մէջ բարեփոխումները կանգ առած են,եւ թէ թրքական բանակը կը շարունակէ միջամտել քաղաքական կեանքին ու նաեւ՝ քաղաքացիական վերահսկողութեան ամրապնդման ուղղութեամբ որեւէ քայլ չէ առնուած։Տեղեկագիրին մէջ քաղաքական արժեչափերու բաժինը որոշ ատենէ ի վեր նախորդ տարեկան տեղեկագիրներուն մէջ երեւան եկած ժխտական արտայայտութիւնները կը պարունակէ։ Ըստ տեղեկագիրին, շարք մը կենսական մարզերու մէջ առնուած քայլերը անյարմար էին, իսկ շարք մը այլ մարզերու մէջ յառաջդիմութիւն տեղի չէ ունեցած։ Տեղեկագիրը կեզրակացնէ, որ քաղաքական եւ սահմանադրական բարեփոխումներ տեղի չեն ունեցած։ Արդարութիւն եւ Բարագւաճում կուսակցութեան եւ Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութեան փակման, ինչպէս նաեւ Էրկենեքոնի դատերը նշելով, տեղեկագիրը կաւելցնէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը քաղաքական եւ սահմանադրական բարեփոխումներու վերաբերեալ մանրամասն ծրագիր մը չէ ներկայացուցած, հակառակ ասոր սակայն իբրեւ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի գործունէութեան նկատմամբ գոհունակութիւն կը յայտնուի։Տեղեկագիրը մտահոգութիւն կը յայտնէ թրքական արդարադատութեան անկախութեան, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ համատարած փտածութեան երեւոյթին վերաբերեալ։

Այն Ինչ կը վերաբերի փոքրամասնութեանց, տեղեկագիրը կը նշէ, որ Թուրքիա մշակութային այլազանութիւնը եւ փոքրամասնութեանց յարումն ու պաշտպանութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ ոչինչ կատարած է։ Մշակութային իրաւունքներու ծիրին մէջ Եւրոպական Միութեան տեղեկագիրը կը նշէ, որ ոչ- թրքալեզու մանուկներ կարելիութիւնը չունին պետական վարժարաններու մէջ իրենց մայրենի լեզուն սորվելու։ Քիւրտերու իրաւունքներուն ու ազատութեան ի նպաստ յաւելեալ քայլեր պէտք է առնուին, եւ գիւղերու պահակներու կազմակերպութիւնը պէտք է լուծարուի։ Իսկ Կիպրոսի հարցով( տեղեկագիրը կը նշէ) որ Թուրքիա երկկողմանի յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար որեւէ քայլի չէ դիմած։ Բայց Տեղեկագիրը չի մոռնար նշելու որ այլ երկիրներու հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները դրական եղած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.