2008-11-09 14:45:11

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն աղօթքը


Կիրակի կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն աղօթքը արտասանեց հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեաբ ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։ Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը ներշնչուած այսօրուայ տօնակատարութենէն, Լատին եկեղեցին այսօր կը յիշատակէ Լատերանեան Տաճարին տօնը, ըսաւ. Այսօրուան ծիսակատարութիւնը կը տօնէ Լատերանեան Պազելիքան, որ կոչուած է նաեւ մայրը եւ գլուխը Հռոմի ու համայն աշխարհի եկեղեցիներուն։ Ատդարեւ այս Պազելիքան առաջինը որ կառուցուեցաւ Կոստանդիանոս կայսերի հրատարագիրէն յետոյ 313ին, քրիստոնեաներուն շնորհելով ազատութիւնը ապրելու իրենց քրիստոնեական հաւատքը։ Նոյն կայսերը Մելիտիոս Պապին շնորհեց հողը կարուցանելու Պազելիքան եւ պատրիարքարանը, ուր Հռոմի պապերը ապրեցան մինչեւ Ավինիոնի շրջանը՝ Լատերանեան Պազելիքայի տօնը հաստատուեցաւ Սեղբեսդրոս Պապի կողմէ 324 թուականին, եւ տաճարը նուիրուեցաւ Ամենափրկչին։ Միմիայն 6-րդ դարուն է որ Պազելիքան նաեւ նուիրուեցաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին եւ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչին։ Այդ տօնախմբութիւնը նախ վերապահուեցաւ Հռոմի եկեղեցւոյ եւ 1565էն սկսեալ լատին եկեղեցին սկսաւ իր կարգին յիշատակել Լատերանեան Պազելիքայի տօնը։ Լատին եկեղեցին այս յիշատակութեամբ կը դրսեւորէ իր յարգանքն ու սէրն հանդէպ Հռոմէական Եկեղեցւոյ, Անտիոքի Ս. Ինքնատիոսը Հռոմի Եկեղեցին կը կոչէր կաթողիկէ եկեղեցւոյ եղբայրօգնութեան գլուխը։

ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. աղիւսներու տաճարը խորհրդանիշն է ողջ Եկեղեցւոյ` քրիստոնեայ հասարակութեան, որ Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալները իրենց թուղթերուն մէջ Եկեղեցին կը կոչէին հոգեւոր շէնք, Աստումէ կառուցուած կենդանի քարերով` քրիստոնեաներով, որոնց միակ հիմն է Յիսուս Քրիստոս։

Հուսկ նորին սրբութիւնը ընդգծեց. Եկեղեցիներու ներդաշնակութիւնն ու գեղեցկութիւնը, սահմանուած`Աստուծոյ փառաբանութեան ու գովաբանութեան, կը հրաւիրեն մեզ, մարդկային էակներս, ապաշխարելու եւ կազմելու կարգաւորուած շինարարութիւն մը սերտօրէն կապուած Յիսուսի հետ, որ ճշմարիտ Սրբութիւն Սրբոցն է։ Քարեղէն ու հոգեղէն շէնքին մէջ, Եկեղեցին կը կառուցուի ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ ու ներքնապէս կը կաղապարուի Ս. Հոգիէն։ Անիկա` եթէ անկեղծ միութեան ու եղբայրութեան մէջ ապրի, կը դառնայ Աստուծոյ հաճելի հոգւոր զոհ մը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին նորին սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները հրաւիրելով զանոնք բարեխօսութիւնը հայցելու Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի օգնէ մեզի դառնալու, Իրեն նաման, Աստուծոյ տունը` իր սիրոյն ողջ տաճարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.