2008-11-09 08:34:15

Ծիսական ժամանակացոյց

Շաբաթ նոյեմբեր 8, Ը շաբաթ զկնի Խաչին, հայ եկեղեցի կը յիշատակէ Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռափայէլ հրեշտակապետերու եւ երկինքի բոլոր զօրքերու տօնը։


Աստուծոյ արարածներուն կարգին, իբրեւ սուրբ` նախադաս պէտք է դնել Հրեշտակները, այսինքն հոգեղէն այն էակները, որոնք անյողդողդ մնալով շնորհքին մէջ , առաջին օրէն մերժեցին չարին հրապուրանքը եւ նուիրուեցան Արարիչի մշտնջենական փառաբանութեան։ Ասոնց ստեղծումը թէեւ որոշակի չի յիշուիր արարչագործութեան պատմութեան մէջ, սակայն թէ Հին եւ թէ Նոր կտակարանները լի են անոնց գոյութիւնը հաստատող վկայութիւններով։

Հրեշտակներու ժամամուտը – Բանաւոր զօրութիւնները, երկնաւոր նահապետութիւնները, հրեշտակներն ու հրեշտակապետերը, աթոռներն եւ տէրութիւնները, իշխանութիւններն ու պետութիւնները, սերոբէներն ու քերովբէները անլռելի ձայնով կ՝օրհնեն Երրորդութիւնը եւ մէկ Աստուածութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.