2008-11-09 14:47:10

Ծիսական ժամանակացոյց

Կիրակի նոյեմբեր 9, Թ շաբաթ զկնի Խաչին, ընթերցում Ս.Ղուկասի Աւետարանէն գլուխ 8, 49-55 համարները։


Յայրոսի մեռած աղջիկը կը վերակենդանանայ - Մինչ (Յիսուս) կը խօսէր, մէկը եկաւ ժողովարանի պետի տունէն եւ ըսաւ անոր Մեռա՛ւ աղջիկդ, զինք մի՛ յոգնեցներ այլեւս։ Երբ Յիսուս լսեց, Յայրոսին ուղղեց իր խօսքը եւ ըսաւ Մի՛ վախնար, հաւատա՛ միայն եւ աղջիկդ պիտի ապրի։ Ապա տունը մտնելով, ոչ մէկուն թողուց որ ներս մտնէ, բայց միայն Պետրոսի, Յակոբոսի, Յովհաննէսի եւ այդ մանուկի հօրն ու մօր։ (Մինչ) կու լայի՛ն բոլորը եւ կողբային անոր վրայ՝ (Յիսուս) ըսաւ Մի՛ լաք, որովհետեւ մեռած չէ, այլ կը քնանայ։ Անոնք ծաղրելու սկսան զինք, որովհետեւ գիտէին, թէ մեռաւ։ Ան՝ դուրս հանելով բոլորը, բռնեց անոր աղջկան ձեռքէն, գոչեց եւ ըսաւ Ոտքի՛ ել, կանգնէ՛, ո՜վ մանուկ։ Վերադարձա՛ւ անոր շունչը ու մէկէն ոտքի ելաւ Յիսուս հրամայեց, որ կերակուր տան անոր։ Զարմացա՛ւ անոր ծնողքը6 Յիսուս պատուիրեց անոնց, որ ոչ մէկուն ըսեն, ինչ որ պատահած էր։

Աւետարանի մեկնաբանութիւն - Մահը վերջին թշնամին է որ պիտի պարտուի։ Մահուան դիմաց Յիսուս՝ մարդը կը տխրի առանց հասկնալու։ Յիսուսի այս հրաշքը կ՝աւետէ ուրիշ աշխարհ մը, որուն թագաւորն է Քրիստոս։ Մահուան դիմաց Յիսուս կ՝իշխէ եւ կը գործէ իբրեւ բացարձակ Տէր` քանի որ ինքն է Յարութիւն եւ Կեանք, ու յարութեան զօրութեամբ, մահուան մռայլը կը փառատի։

Աւագ Օրհնութեան Շարականէն – Տեսայ քու ամենազօր տնօրէնութիւնդ, Քրիստոս, ու երկիւղածութեամբ կը փառաւորեմ զքեզ։ Խաչուելովդ սպաննեցիր մահը եւ քու կողիդ աղբիւրէն` անմահութիւն արբեցուցիր տիեզերքին։ Աստուածածին Անարատ Կոյս, քեզի կ՝ապաւինինք, բարեխօս եղիր Քրիստոսի մօտ` մեր անձերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.