2008-11-09 14:47:43

Լուրեր հայրենի կեանքէն – Ճիմի Քարթըր կազմակերպութեան ներկայացուցիչները՝ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։


Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ՝ Ճիմի Քարթըրի կազմակերպութիւնը ներկայացնող խումբ մը պատասխանատուներ՝ հանդիպում մը ունեցան Արամ Ա կաթողիկոսին հետ՝ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։ Յայտնենք, որ Ամերիկայի նախկին Նախագահ Ճիմի Քարթըր իր պաշտօնավարութեան աւարտին հաստատեց յիշեալ միզազային կազմակերպութիւնը, որ այլ հարցերու ու ծրագիրներու կարգին նաեւ կը զբաղի մարդկային իրաւանց առնչուած հարցերով։ Շուրջ ժամ մը տեւած խորհրդակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան յիշեալ կազմակերպութեան աշխատանքներուն եւ յատկապէս՝ յառաջիկայ ամիս նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըրի Լիբանան կատարելիք այցելութեան ծրագիրներուն։



Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա , աւարտեց Թեհրան կատարած իր մէկ շաբաթեայ այցելութիւնը:

Վեհափառը թեհրան կեցութեան ընթացքին, պետական օգտաշատ հանդիպումներէն զատ, հանդիպում ունեցաւ նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Հայ համայնքի զաւակներուն, ու ժողովուրդին հետ, որոնք առիթն ունեցան լսելու իր հոգեւոր առաջնորդի յորդորներն ու քարոզները: Նոյնպէս վեհափառը առիթ ունեցաւ քննարկելու այս հասարակութեան կրօնական, կրթական, մշակութային, եւ ազգային-հասարակական խնդիրները:








All the contents on this site are copyrighted ©.