2008-11-09 14:46:39

Եգիպտոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհի. Օգոստինոս Գրիգոր եպս. Գուսանի դասախօսութիւնը Գահիրէի Համալսարանին Մէջ։


Գահիրէի Համալսարանի հիմնադրութեան 100 ամեակի առիթով եւ հովանաւորութեամբ համալսարանի գրական բաժնի տնօրէն՝ տոքթ Ահմէտ Զայէտի, Արհի Օգոստինոս Եպս. Գուսան՝ Առաջնորդը Աղեքսանդրիոյ Թեմին բանախօսեց Համալսարանի գրական բաժնի գլխաւոր շէնքին մէջ, հետեւեալ նիւթին մասին. ՙ ՙՀայ Կաթողիկէ Համայնքը Նոր Եգիպտոսի Մէջ՚ ՚։ Համալսարանը հիմնուած է Արթին Եաքուպ պաշա Չարըքեանի օրերուն, երբ ան Եգիպտոսի ուսման նախարարն էր։ Հանդիսութեան ներկայ էին Ղպտի Կաթողիկէ Պատրիարք՝ Անթոնիոս Նակիպ, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի դեսպանները, Սուրիոյ դեսպանի ներկայացուցիչը, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը եւ համալսարանի դասախօսներ։ Այս առթիւ իբրեւ գնահատական Գերապայծառը պատուեցին համալսարանի վահանով։








All the contents on this site are copyrighted ©.