2008-11-09 08:33:29

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու - Մէթիու Պրայզա Մոսկուայի Դաշնագիրը Նշանակալի Իրադարձութիւն է (կ՝ըսէ)։


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզա Մոսկուայի մէջ 2 նոյեմբերին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու ստորագրած հռչակագիրը նկատած է նշանակալի իրադարձութիւն մը։

Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները հաստատեցին Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական լուծման ուղղութեամբ քննարկումները աշխուժացնելու մտադրութիւնը, ներառեալ հիմնարար սկզբունքները, զորս մենք քննարկած եւ մշակած ենք վերջին երեք տարիներուն ընթացքին,( ըսած է Պրայզա՝ ազէրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին)։

Ըստ անոր, Մինսքի խմբակի համանախագահներուն պէտք էր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու այդ աջակցութիւնը՝ բանակցային գործընթացքը աւելի արագ յառաջ մղելու համար։

Մեկնաբանելով այն կարծիքը, թէ Միացեալ Նահանգներ մեկուսացած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւններէն, իսկ Ռուսիա նախաձեռնութիւնը ստանձնած է այդ հարցին մէջ, Մեթիու Պրայզա վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ շատ աշխուժ են բանակցութիւններու յառաջխաղացման նպատակով՝ Մինսքի խմբակի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ աշխատանքին մէջ։

Բժիշկներ Առանց Սահմանի Կազմակերպութեան Հայաստանի մասնաճիւղը։

Մարդասիրական իր ծրագիրներուն համար համաշխարհային համբաւի արժանացած Բժիշկներ Առանց սահմանի ծանօթ կազմակերպութիւնը տարիներէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ Հայաստանի մէջ։Կազմակերպութեան Հայաստանեան գործունէութիւնը սկիզբ առաւ 1988ին՝Հայաստանի մէջ պատահած ահաւոր երկրաշարժէն ետք,անոր հետեւանք վիրաւոր ու անտուն մնացած ժողովուրդին օգտակար ըլլալու նպատակով։ Հիմնական աշխատանքը սակայն ծաւալ ստացաւ 1993ին։ 2005էն ետք կազմակերպութիւնը փոփոխութեան ենթարկեց իր աշխատնքի ծրագիրը եւ նուիրուեցաւ նաեւ սեռային վարակումով փոխանցիկ հիւանդութիւններու դիմագրաւումին՝յատկապէս Hiv-Aids ժահրի կանխարգիլման դէմ քայլերու ձեռնարկելով,յատկապէս հիւսիս-արեւմտեան Շիրակի մարզին մէջ։Գիւմրիի հիւանդանոցէն, ինչպէս նաեւ մարզային հինգ տարբեր առողջապահական կեդրոններէն ներս աշխատանք տարուեցաւ՜հոգատարութեան տակ առնելով HIV ժահրով վարակուած անձերը(գաղտնի պահուելով անոնց անձնական տուեալները) ձրի բուժում տրամադրելով հիւանդներուն ու անոնց շրջապատի անձերուն։Միաժամանակ կազմակերպուեցան տեղեկատուուական զրոյցներ եւ դաստիարակչական սեմինարներ՝շեշտը դնելով ժահրերու կանխարգիլման մեթոտներու վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.