2008-11-07 13:33:57

Լուրեր հայ աշխարհէն

Նախագահ Սարգսեանի համաձայն Թուրքիա չի կրնար միջնորդ դառնալ։


Պրիւքսէլի մէջ 6 Նոյեմբեր 2008-ին տեղի ունեցաւ Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարոզոյի հետ հանդիպումը որուն ընթացքին Պարոզօ գոհունակութիւն յայտնեց կովկասեան կայունութեան եւ անվտանգութեան ուխտ ստեղծելու՝ Անգարայի առաջարկին Հայաստանի դրական արձագանգին համար։ Թրքական Զաման օրաթերթի լրագրողի հարցումին՝ թէ իր երկիրը ի՛նչ կեցուածք կունենայ եթէ Թուրքիոյ մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելու առաջարկ ստանայ, Հայրենի նախագահը պատասխանեց ըսելով. ՙ ՙ Ինծի համար բաւական տարօրինակ պիտի ըլլայ նման հրաւէր, որովհետեւ օրեր առաջ Իլհամ Ալիեւի հետ Մոսկուայի մէջ հռչակագիր ստորագրած ենք, որով կամրագրուի, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծումը կը տեսնենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեան շրջագիծին մէջ։

Թէեւ Թուրքիա Մինսքի խմբակի անդամ է, սակայն համանախագահ չէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.