2008-11-07 14:07:26

Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքի շնորհաւորագիրը ՀՀ Սփիւռքի Նախարար`Տիկին Հրանու, Յակոբեանին


Յարգարժան Տիկին Յակոբեան, կը կարդանք Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքը իր նամակին մէջ կը գրէ.

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վատիկանեան Սիւնհոդոսը՝ Հոկտեմբեր 3-էն սկսեալ գրաւած ըլլալով Մեր ամբողջ ժամանակը, ուշացումով կու գանք շնորհաւորելու ձեր Սփիւռքի նախարար սպասուած եւ յուսադրիչ նշանակումը։ Վատիկանէն Մեր նստավայրը վերադարձին, Մեր Մասիս պաշտօնաթերթի խմբաիրը, Պր. Սարգիս Նաճարեան Մեզի զեկուցեց ձեր ծրագիրներու եւ առաջադրանքներու մասին։ Ձեզ անձամբ ճանչնալու առիթը ունեցած ըլլալով, համոզուած ենք որ ամենայն պատասխանատուութեամբ, շրջահայեցութեամբ, նպատակաուղղուածութեամբ եւ դիւրազգացութիւններու նկատառումով պիտի հետապնդէք հայրենանպաստ եւ հայանպաստ այդ ծրագիրներուն ու առաջադրանքներուն իրագործումը, որուն շնորհիւ կը յուսանք աւելի զօրացած տեսնել Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը։

Տեղեկացած ըլլալով նաեւ ձեր մէկ հարազատին կանխահաս կորուստի մասին, ձեզի կը յայտնենք Մեր վշտակցութիւնը եւ կը հայցենք Մեր երկնաւոր Հօր մխիթարութիւնը։ Յարգելի Տիկին Յակոբեան, Մեր յաջողութեան մաղթանքներուն կը միացնենք Մեր աղօթքը առ Աստուած որպէսզի իր հովանին անպակաս ընէ ձեր եւ ձեր բոլոր գործակիցներուն վրայէն։ Հայրական Օրհնութեամբ՝








All the contents on this site are copyrighted ©.