2008-11-07 13:36:58

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։

Թուրքիոյ Վարչապետը կը յուսայ որ Օպաման չկատարէ իր խոստումը։


Համաշխարհային ղեկավարութեանց կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական ուղերձներու կողքին,( Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելու առիթով), Պարաք Օպամային շնորհաւորագիր յղած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողան, որ շեշտած է թէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները պայմանաւորուած են Օսմանեան կայսրութեան Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը չճանաչելու քաղաքականութեան շարունակութեամբ։ Յոյս ունինք, որ ընտրարշաւի ժամանակ հնչեցուած որոշ արտայատութիւններ այդպէս կը մնան՝ որպէս ընտրարշաւային խնդիրներ, (լրագրողներուն յայտնած է Էրտողան), ակնարկելով ամերիկահայերուն տուած Օպամայի խոստումներուն, ըստ որոնց ան նախագահ ընտրուելու պարագային, պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Էրտողան յայտնած է նաեւ, թէ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ յարաբերութիւնները պայմանաւորուած են երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերու ռազմավարական բնոյթով, ոչ թէ (Միացեալ Նահանգներու) վարչակարգերու փոփոխութեամբ։

Տօնակատարութիւններ Աշխարհի մէջ՝Պարաք Օպամայի ընտրութեան առթիւ։

Օպամայի ընտրութեան առիթով տօնակատարութիւններ տեղի ունեցած են աշխարհի չորս կողմը՝ սկսելով անոր հօր ծննդավայրը եղող Քենիայէն, հասնելով մինչեւ Ճափոնի Օպամա նաւահանգիստ քաղաքը։ Մինչ այդ, Օպամա 5 Նոյեմբերին արդէն իսկ իր առաջին նշանակումը կատարեց՝ անձնակազմի պետ նշանակելով Ռէմ Էմանուէլ-ը։ Կը շեշտենք նաեւ որ Օպամայի ընտրութեան նեցուկ կանգնած Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տուեալներով ՝՝ ընտրութեանց ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն հարիւրէն 96 առ հարիւրը յաղթանակ արձանագրած են, սակայն Գոնկրէսին մէջ Հայկական Հարցերու համախմբումի համանախաահը՝ Ճօ Նոլընպըրկ, չէ կրցած վերընտրուիլ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումները ՝Պելճիքայի մէջ։

Աշխատանքային այցելութեամբ Պելճիքա այցելած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Նոյեմբեր 4ին հանդիպած է Պելճիքայի Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահներ՝ Արմանէ Տը Տեքերի եւ Հերման Վան Ռոմփոյի հետ։ Կողմերը բարձր գնահատած են բազմակողմանի շրջանակներու արդիւնաւէտ գործակցութիւնը եւ հայ-պելճիքական յարաբերութիւնները՝ նշանակալի համարելով հայ համայնքին դերը այդ կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Պելճիքայի կառավարութեան՝ Մինսկի խումբի ջանքերուն աջակցելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցով հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերելու համար։ Հայաստաանի նախագահը անդրադարձած է հայ-պելճիքական տնտեսական փոխ գործակցութեան՝ նշելով, որ Եւրոմիութեան երկիրներու շարքին, Հայաստանի հետ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալով, Պելճիքան կը գրաւէ առաջատար դիրք։ Հանդիպման ընթացքին երկուստէք մատնանշուած է միջխորհրդարանական կապերու հետագայ զարգացումը՝ զայն համարելով կարեւոր գործօն՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման համար։

Բակօ Սահակեան Շնորհաւորած Է Պարաք Օպամային։

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 6ին շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի։ Ուղերձին մէջ ան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն անունով գրած է ՝՝Ի սրտէ շնորհաւորում եմ Ձեզ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների 44րդ նախագահ ընտրուելու առթիւ։ Բակօ Սահակեան նաեւ բարձր գնահատած է ատրպեճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացքին մէջ Ամերիկայի կատարած դերը, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի տրամադրուող ամենամեայ դրամական օժանդակութիւնը։

8 նոյեմբերը Հիւսիսային Օսեթիոյ մէջ Սուգի Օր Յայտարարուած ։Հիւսիսային Օսեթիոյ մէջ Պայթումը՝ 11 Զոհեր կը Պատճառէ։

Ռուսական շուկայի մը մէջ հաւանաբար ականի մը պատճառով եղած պայթում մը 11 զոհեր պատճառած է։Պայթումը տեղի ունեցաւ, մինչ փոքր պաս մը կանգնեցաւ հարաւային Ռուսիոյ Վլատիքաւքազ քաղաքի մէկ գլխաւոր շուկային առջեւ։ Յարձակումը կուգայ դարձեալ ցոյց տալու, որ հակառակ մօտակայ Չեչենիոյ մէջ ըմբոստութիւնը մեծ մասամբ ճնշելուն, Ռուսիա կը շարունակէ հարաւային շրջաններուն մէջ բռնարարքներ դիմագրաւել։








All the contents on this site are copyrighted ©.