2008-11-06 13:18:29

Լուրեր հայ աշխարհէն - Հայաստանի նախագահի շնորհաւորագիրը ԱՄՆ ի նորընտիր նախագահ՝ Պարաք Օպամայի


Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան Դշ. 5 Նոյեմբեր 2008-ին շնորհաւորագիր մը յղած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամային։

Պարաք Օպաման՝ Միացեալ Նահաններու 44-րդ նախագահն է։

շնորհաւորագրին մէջ հայրենի նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ Օպամայի նախագահութեան տարիներուն հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները նոր որակ պիտի ստանան, եւ երկու երկիրներուն միջեւ պիտի սերտանայ տնտեսական ու քաղաքական համագործակցութիւնը՝ ի շահ երկու երկիրներու բարեկամ ժողովուրդներուն։

Ան աւելցուցած է, որ Ամերիկայի հայկական համայնքի մեծագոյն կառոյցները բազմիցս իրենց ոգեւորութիւնը փոխանցած են իրեն Ամերիկայի ժողովուրդին Օպամայի խոստացած փոփոխութիւններուն վերաբերեալ։

Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է հայ ժողովուրդի խնդիրներու շուրջ Օպամայի իրազեկութիւնն ու մօտեցումները։ Նախագահը նշած է, որ ամերիկահայերը պիտի դառնան երկու երկիրները կամրջող ամուր օղակ մը։

Ան նաեւ յայտնած է, որ հայ ժողովուրդը երախտապարտ է Միացեալ Նահանգներուն՝ Հայաստանին համակողմանի աջակցութիւն ցոյց տալուն համար, ինչ որ շարունակական եղած է Հայաստանի անկախացման առաջին տարիներէն մինչեւ այսօր։ Ան հաստատած է, թէ պիտի շարունակուի միացեալ ջանքերու գործադրումը, որպէսզի այդ օժանդակութիւնը նպաստէ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ու տնտեսական վերելքին։ Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը՝ իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, ղարաբաղեան խնդիրի խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ։



Արաբագէտ հայ գրողներու գործերու ցուցագանդէս, Հալէպի մէջ

Կազմակերպութեամբ, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Հալէպի մշակոյթի պետական կեդրոնին, 21-28 հոկտեմբեր 2008, Հալէպի մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՙ ՙՍուրիան եւ արաբական երկիրները հայ արաբագէտներու ուսումնասիրութիւններուն մէջ՚ ՚ խորագիրը կրող գիրքերու ցուցահանդէս. որուն նպատակն է սուրիական հանրութեան ներկայացնել Սուրիոյ եւ արաբական միւս երկիրներուն վերաբերեալ՝ Հայաստանի մէջ կատարուած լայնածաւալ աշխատանքը։

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման, ներկայացուած էին շուրջ 300 գիրքեր, որոնք Հայաստանի մէջ հրատարակուած ուսումնասիրութիւններ էին՝ արաբական երկիրներու պատմութեան ու մշակոյթին, հայ-արաբական յարաբերութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին։ Նշենք որ, անցեալ 23 հոկտեմբերին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ փրոֆ Նիքոլա Յովհաննիսեան ներկայացուց դասախօսութիւն մը հետեւեալ նիւթի մասին ՙ ՙՀայաստան՝ արաբագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն ՚ ՚








All the contents on this site are copyrighted ©.