2008-11-06 13:15:58

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ողջունած է Պարաք Օպամայի Յաղթանակը։


Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան ողջունած է Պարաք Օպամայի ընտրութիւնը ,նշելով միաժամանակ թէ ՝՝անհանդուրժելի պիտի ըլլար հակահայ քաղաքականութեամբ բնորոշուած չորս տարուայ յաւելեալ ժամանակաշրջան մը՝՝։ Խաչիկեան ընդգծած է նաեւ Օպամայի քանիցս յայտնած պատրաստակամութիւնը՝զօրակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձւին,այնպէս ինչպէս որ միշտ ըրած էր որպէս պարզ Ծերակուտական։ Միւս կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի ընտրութիւններուն, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն հարիւրէն 96% տոկոսը՝ յաղթանակ արձանագրած է։

Ամերիկայի Ընտրութիւններուն Հայաստան մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւած։

Ամերիկացիներու եւ ամբողջ աշխարհի համար խիստ վճռական ընտրութիւններու լրիւ ընթացքին հետեւեած են Հայաստանի մէջ բոլորը, մեծ հետաքրքրութեամբ։ Առաւօտեան ժամը 730էն Երեւանի Գոնկրէս հիւրանոցի սրահը լեցուն էր արդէն եւ հոն էին ԱՄՆ դեսպանատան հիւրերը, որոնց ներկայութիւնը ողջունեց ԱՄՆ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկին Մարի Եովանովիչը։ Հայաստան ապրող եւ աշխատող ամերիկեան համայնքը ու ԱՄՆ ընտրութիւններով հետաքրքրուողները յաջողած են CNNի ուղիղ հեռարձակմամբ տեսնել այդ պատմական պահը։ ԱՄՆ դեսպանը մինչեւ Օպամայի ընտրութիւնը չէփափաքած Հ1ին կայանին արտայայտուիլ, սակայն Մաքէյնի պարտութեան յայտարարութենէն յետոյ, Տիկին Եովանովիչ արտայայտուեցած է այս շատ կարեւոր Ամերիկայի ու նաեւ աշխարհի համար պատմական ընտրութեան մասին։

Առանց Սահմանի Լրագրողներ-ու 2009ի՝ մամուլի ազատութեան պարգեւը՝ հայ, ազերի եւ վրացի լրագրողներուն ։ Լրագրողներ առանց սահմանի կազմակերպութեան Աւստրիոյ մասնաճիւղի նախագահ Ռուպինա Միոհրինկի առաջարկով 2009-ի Մամուլի Ազատութեան Պարգեւը (Press Freedom Award) պիտի տրուի՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի լրագրողներուն։ Այս անգամ այս երեք երկիրները ընտրուած են, նկատի առնելով, որ քաղաքական իրավիճակը առանձնայատուկ սրած է եւ ընդհանրապէս մամուլի ազատութիւնը առաջին զոհերէն է, (դիտել տուած է տիկին Միոհրինկը)։ Այդ պատճառով ալ մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ լրագրողներու միջազգային ճանաչումը։ Նախկին պարգեւները ցոյց տուած են, որ փաստօրէն մրցանակը օգտակար դեր կը կատարէ։ Մրցանակը ու անոր քով 15 հազար Էուրոյի նիւթական պարգեւը լրագրողներուն հնարաւորութիւն կու տան որոշակի անկախութիւն ունենալու։ Կազմակերպութիւնը կանոնաւոր առաքելութիւններ կ՝ուղարկէ կարծիքի ազատութիւնը սահմանափակ երկիրներու մօտ, ուր աշխատակիցները կայցելեն դեսպանութիւններ, կառավարական հաստատութիւններ եւ կը ստուգեն թղթակցութիւններու մէջ առկայ տեղեկատուութիւնը։ Աւստրիական dasjournal ինթէրնէթային լրատուն կը հաղորդէ, որ մրցոյթը արդէն սկսած է Հայաստանի,Ատրպէճանի եւ Վրաստանի մէջ, եւ այս երեք երկիրներու մէջ աշխատող լրագրողները մրցոյթին մասնակցելու համար իրենց աշխատանքները կրնան ներկայացնել մինչեւ 2009-ի Մարտ 1-ը։Մամուլի ազատութեան ի խնդիր տարեկան պարգեւը կը տրուի քննադատական, պարզաբանող, բացայայտող, ինչպէս նաեւ հետաքննող այնպիսի հրապարակումներու համար, որոնք գրուած են ժողովրդավարութեան քաղաքականութեան, մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու կամ ընկերային քննադատութեան թեմաներով։ 2008-ին յիշեալ մրցանակը նուիրուած է եւրոպական երկու երկիրներու ժողովուրդներուն՝ Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ։

Պաղտատ։ Զոյգ Պայթումերը զոհեր կը խլեն։ Նոյեմբեր 4ին, Պաղտատի հանրակառքերու կայարանի մը եւ շիիներով բնակեցուած շրջանի մը մէջ տեղի ունեցած զոյգ պայթումներու հետեւանք սպաննուեցան 15 քաղաքայիններ։ Այլ քաղաքային մը սպաննուեցաւ, երբ շիի պետական պաշտօնատար մը ռմբային յարձակումի մը թիրախ դարձաւ։ Պաշտօնատարը անվնաս խուսափեցաւ յարձակումէն։ Իսկ Մուսուլի մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական յարձակումի մը հետեւանք, չորս իրաքցի ոստիկաններ ծանրօրէն վիրաւորուեցան, ապա Թիքրիթի մէջ, ամերիկեան զինուորական փոխադրակառքի մը պատճառած արկածին զոհ գացին երկու իրաքցի քաղաքայիններ։

Անգարա։ Սարա ֆէրկուսընի Գաղտնի Նկարահանումները Թուրքիոյ Երկու Որբանոցներուն մէջ։ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի ու նաեւ Պոլսոյ երկու որբանցոներուն մէջ Եորքի դքսուհի Սարա Ֆըրկըսընի կողմէ գաղտնի նկարահանումները կը բացայայտեն պետական որբանոցներուն տխուր եւ տմարդի իրավիճակը եւ հոն երեխաներու նկատմամբ կիրարկուած բռնարարքները։Այս նկարահանումները յառաջիկայ օրերուն պիտի ցուցադրուին ԱյԹիՎի պատկերասփիւռի կայանէն։ Սարահ Ֆըրկըսըն ՝՝Տէյլի Մէյլ՝՝ թերթին որոշ լուսանըկարներ տրամադրած է՝ աղմուկ բարձրացնելով Թուրքիոյ պետական շրջանակներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.