2008-11-05 13:49:49

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։ Պարաք Օպամա ընտրուեցաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ։ ճոն Մաքքէյն շնորհաւորեց իր մրցակիցը։


ԱՄՆի նախագահական պատմական ընտրութիւնները յաղթական դուրս բերին առաջին սեւամորթ նախագահ՝ Պարաք Օպաման։ Ան կառաջնորդուի դէպի Սպիտակ Տուն, իր կողքին ունենալով Ընտրական Մարմնոյ 330 ձայներ եւ յաղթական հանդիսացած ըլլալով յատկապէս պահպանողականներու միջնաբերդ նկատուող՝ Վիրճինիա, Ֆլորիտա, Փենսիլվանիա եւ Օհայօ նահանգներուն մէջ։

4 Նոյեմբերին ամերիկացի քուէարկողները առաւօտեան կանուխ ժամերէն ուղղուեցան դէպի քուէատուփեր՝ մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներու ամէնէն ճակատագրորոշ նախագահական ընտրութեան, որ դէմ յանդիման բերած էր դեմոկրատական թեկնածու Պարաք Օպաման եւ հանրապետական թեկնածու Ճոն Մաքքէյնը։

Կանուխ առաւօտեան ժամերուն արդէն հանդէս եկաւ Ճոն Մաքքէյնը ընդունելով ընտրութիւններու իր պարտութիւնը, շնորհաւորելով մրցակիցի յաղթանակը եւ միացման ու նոր նախագահին զօրակցութեան կոչ ուղղելով։Պարաք Օպամա յաջողեցաւ յաղթական դուրս գալ հայաշատ Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ, ուր կայ Ընտրական Մարմնոյ ձայներու ամէնամեծ թիւը՝ 55 պատուիրակներ։

Ըսենք թէ Ինչպէս Ծերակոյտէն ներս իր գործունէութեան ընթացքին, նոյնպէս ալ նախագահական ընտրարշաւի ընթացքին, (եւ հակառակ եղած ճնշումներուն) Պարաք Օպամա բազմիցս հանդէս եկաւ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման անհրաժեշտութիւնը նշելով, եւ խոստացաւ նախագահ ընտրուելու պարագային, ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը։



Լիբանան-Իտալիա երկկողմանի Յարաբերութիւնները։

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր Միշել Սլէյման 4 նոյեմբերին Պաապտայի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Ծերակոյտի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Ճիանփիեռօ Քարլօ Քանթոնին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Կապրիէլ Քիքիայի։

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան - Իտալիա երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Ծերակուտական Քանթոնի շեշտեց, որ Իտալիա կը զօրակցի Լիբանանին՝ բոլոր մակարդակներուն եւ բոլոր մարզերուն մէջ, յատկապէս՝ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձին եւ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իտալական զինուորական օժանդակութիւններուն առումով։

Ծերակուտական Քանթոնի Լիբանանի նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց նախանցեալ օր Հարաւային Լիբանան իր կատարած այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ հոն տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար իտալացի զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոյի հետ իր ունեցած հանդիպումին կապուած հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.