2008-11-04 14:48:57

Թարգմանչաց տօնը Պէյրութի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին մէջ։


Վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու աշակերտները, չորեքշաբթի 29 հոկտեմբեր 2008-ին, տօնակատարեցին թարգմանչաց խորհուրդը, ուր բոլոր դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան Մեսրոպաշունչ ասմունքներով եւ երգերով։ Օրուան բանախօսը՝ Րաֆֆի Տեմիրճեան յատուկ կերպով շեշտը դրաւ թարգմանչաց տօնի խորհուրդին վրայ, զայն դասելով մեր ազգային գլխաւոր տօներէն մին, որուն շնորհիւ հիմնուած է մեր ամբողջ պատմութիւնն ու գոյութիւնը, ունեցած ենք Վարդանանք պատերազմ, ըսաւ ան, շարունակուած են ազատագրական հերոսամարտները, կերտած ենք 1918-ի մայիս 28-ի Հայրենիքի անկախութիւնը, ու այսօր տակաւին կը շարունակուի ղարաբաղեան ազատագրական պայքարը։ Բանախօսը նաեւ կոչ ուղղեց նորահաս սերունդին, հպարտ զգալու իրենց պատկանելիութեամբ եւ գերադասելով մայրենի լեզուի արժէքները՝ անշեղ մնալ մեր հայրապետներուն եւ պապերուն սրբազան կտակին։

Յայտագիրի աւարտին վարժարանի տնօրէնուհին՝ քոյր Արմինէ Մակարոսեան, իր սրտի խօսքը փոխանցեց աշակերտներուն, անոնց թելադրելով, որ այնպէս ինչպէս կը սիրեն իրենց ծնունդ տուող մօր, նոյն սէրը համահաւասար արժէքով պէտք է բաժնեն մեր մայրենի լեզուին հետ, որուն շնորհիւ դարեր շարունակ եկեղեցի ու ազգ որպէս մէկ մարմին գոյատեւած են, հակառակ տարբեր ժամանակներու տեղի ունեցած ծանր հարուածներու եւ այսօր աշխարհի տարածքին զանազան գաղթօճախներու մէջ պահած ենք մեր ինքնութիւնն ու սուրբ հաւատքը։ Քոյր Արմինէ անդրադարձաւ նաեւ, որ Թարմանչաց տօնի խորհուրդը գեղեցիկ զուգադիպութեամբ կը յարմարի դպրոցական տարեշրջաններու վերամուտի հանգրուանին, անոր առաջադրութիւնն է, որ մենք լաւապէս սորվինք մեր մայրենի լեզուն, գիտնանք զայն պահպանել եւ մանաւանդ տարածել։ Հուսկ շնորհաւորեց օրուան դասախօսը, մայրենի լեզուի ուսուցիչները եւ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերող աշակերտները, որոնք լաւագոյն ձեւով ներկայացուցած էին օրուան խորհուրդը եւ յորդորեց, որ Մեսրոպագանձ լեզուն ու ոգին յաւէտ ապրի ու մնայ հայ մանուկին, երեխային ու երիտասարդին հոգիին մէջ եւ Հռիփսիմեանցի դաստիարակութիւնը իրենց դառնայ ներշնչարան։








All the contents on this site are copyrighted ©.