2008-11-04 10:55:05

Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչ կարտինալ Սանտրի նոյեմբեր 5-11 Հնդկաստան կ`այցելէ մասնակցելու Հնդկաստանի առաջին սրբուհիի հռչակումի տօնախմբութիւններուն։


Անցեալ 12 հոկտեմբերին Սրբազան Քահայանապետը Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ հռչակեց Հնդկաստանի առաջին սրբուհին, սրբուհի clarissa Alfonsa dell'Immacolata Concezione-ն։ Ան 1946 ին վախճանած էր 36 տարեկանին, ահաւոր տառապալի կեանքէ մը ետք։ clarissa Alfonsa ինքն իր մասին խօսելով կ`ըսէր. ՙ ՙԿը զգամ որ Տէրը զիս սահմանած է ըլլալու չարչարանքի զոհ, այն օրը որ չեմ չարչարուիր ինծի համար կորսուած օր մըն է՚ ՚։ Կարտինալ Սանտրի Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով ըսած է. ՙ ՙինծի համար մեծ ուրախութիւն է միանալ Հնդկաստանի քրիստոնեաներու տօնախմբութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենայ Էրնաքուլամ թեմին մէջ, ուր ապրած էր սրբուհին։ Ասիկա մեծ տօն մըն է Հնդկաստանի համար եւ մասնաւորապէս Ասորի Մալապար եկեղեցւոյ համար, որ ուրախութիւնը ունեցաւ նման սրբուհի մը տալու Հնդկաստանին եւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ։ Ան Հնդկաստանի առաջին սրբուհին է։ Ասորի Մալապար եկեղեցին կենսունակ է, ոչ միայն քահանայական ու կրօնաւորական կոչումներով այլ եւ անոր աշխարհականներու եւ աշխարականուհիներու հաւատքի վկայութեամբ ու յանձնառումով։ Նոր սրբուհին ողջ նշան է այդ աճումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.