2008-11-03 14:25:21

Պենետիկտոս ԺԶ Պապին հոգեհանգստեան պատարագը 2008ին վախճանած կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու համար։


Երկուշաբթի 3 Նոյեմբեր 2008-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապը հոգեհանգստեան պատարագ մատուցեց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ 2008ին վախճանած կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու համար։ Իր արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, յիշատակելէ ետք Օր Մեռելոցը, այսօր խորանի շուրջ համախմբուած Ս. Զոհը կը մատուցանենք 2008ին վախճանած կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու համար։ Մեր աղօթքը ոգեւորուած է սուրբերու հաղորդութեան խորհուրդով։ Աստուած կեանքին Տէրն է Անոր մէջ կ`ապրինք, կը շնչենք եւ կանք, կ`ըսէ Պօղոս առաքեալը Աթէնքի Արիսպագոսին մէջ։ Աստուած ճշմարիտ իմաստութիւնն է որ չի ծերանար, հարզատ հարստութիւն` որ չի փտիր, երջանկութիւն`որու ամէն մարդու սիրտը կը ձգտի։ Այս ճշմարտութեան կատարումը կը գտնենք Յիսուսի կեանքի ու քարոզութեան մէջ։ Մահուան առջեւ ամէն ինչ կը վերջանայ, ամէնքս ուխտաւորներ ենք, այս երկրի վրայ, որվհետեւ ամէնքս արարածներ ենք, մէկ խօսքով մեզմէ ոչ մէկը Աստուած է։ Միայն այս իրականութիւնը ճանչնալով կը կարողանանք Աստուծոյ հետ ըլլալ եւ իր մէջ ապրիլ ու Անոր նմանիլ։ Յովհաննէս առաքեալը կը գրէ Աստուած իր կեանքը զոհեց մեզի համար։ Աստուծոյ այս պարգեւը կեդրոնը կը հանդիսանայ քրիստոնէական քարոզութեան։ Ինչպէս որ Աստուած մեզ ձրիաբար սիրեց մենք եւս կանչուած ենք ձրիաբար սիրելու մեր ընկերը եւ այսպէսով մենք բնակութիւն հաստատած կ`ըլլանք Աստուծոյ մէջ եւ մահէն կ`անցնինք կեանքի։ Յիսուսի նման, որ յաղթեց մահուան իր յարութեամբ, շնորհիւ՝ երկնաւոր Հօր սիրոյ փառքի զօրութեան։ Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Կեանքի ու յոյսի այս խօսքը մեծապէս մխիթարական է երբ կը գտնուինք մահուան խորհուրդին առջեւ։ Տէրը մեզի կ`երաշխաւորէ թէ ննջեցեալ մեր եղբայրները, որոնց համար պատարագ կը մատուցանենք, մահէն կեանքի անցան որովհետեւ Քրիստոսը ընտրեցին եւ իրենց հոգիները հանգիստ գտան Քրիստոսի մէջ։ Յարուցեալ Քրիստոսի շնորհիւ մահը այլեւս իշխանութիւն չունի անոնց վրայ։ Հուսկ Սրբազան Հայրը իր քարոզը եզրափակեց ըսելով. Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր մեր աղօթքները միացնենք ու բարձրացնենք ամենայն բարեաց ու ողորմութեան Հօր Աստուծոյ, որպէսզի Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ անոնք արժանանան Երկինքի Արքայութեան. Միաժամանակ աղօթենք որպէսզի մենք, երկրաւոր ուխտաւորներս, մեր սրտերը ու աչքերը միշտ սեւերենք դէպի երկինք` բնակարանը Հօր Աստուծոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.