2008-11-03 14:07:21

Լուրեր հայ աշխարհէն


 Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու կողմէ Մոսկուայի մէջ ստորագրուեցաւ բանակցութիւններու աշխուժացման միտող հռչակագիր մը։

Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահները երէկ 2 Նոյեմբեր 2008-ին Մոսկուայի մէջ ստորագրեցին հռչակագիր մը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ընթացող խաղաղ բանակցութիւնները՝ իբրեւ տագնապի լուծման հիմք ընդունելով 29 նոյեմբեր 2007-ին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ Մատրիտի մէջ առաջարկուած սկզբունքները։

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ՝ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ նախ մասնակցած են դէմ առ դէմ ձեւաչափով կայացած երկկողմանի բանակցութիւններուն, այնուհետեւ երկու նախագահներուն միացած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ։

Հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք ստորագրուած է հինգ կէտերէ բաղկացած հռչակագիր։ Այս փաստաթուղթով Հայաստան եւ Ազրպէյճան վերահաստատած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ խաղաղարար բանակցութիւններու շարունակութեան կարեւորութիւնը եւ պարտաւորուած են համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու՝ բանակցային գործընթացը աշխուժացնելու ուղղութեամբ։

Կողմերը նաեւ նշած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին պէտք է ուղեկցի Իրաւականօրէն պարտաւորեցնող միջազգային երաշխիքներու ընդունումը։

Հռչակագիրը երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կը պարտաւորեցնէ բանակցային գործընթացին մէջ յաւելեալ քայլեր առնել նպաստելու Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան բարելաւման։Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, ռուսական վարչակազմէն պաշտօնատար մը բանակցութիւններէն առաջ յայտնած էր, որ Քրեմլինը նոր համաձայնութեան երաշխաւորը պիտի ըլլայ։



Հայաստան Կարեւոր Կը Նկատէ Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները

Հ Հ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունելով Հայաստանի մօտ Իսրայէլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էհուտ Կոլը, որ մօտ օրէն կաւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը նշած է, թէ Հայաստանի համար շատ կարեւոր է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ վստահութիւն յայտնած, թէ այդ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալու համար, այսօր կան լուրջ նախադրեալներ։ Վարչապետը կարեւոր նկատած է նաեւ Հայաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպանութեան բացումը։



Ըստ Հ Հ վարչապետին՝ Հայաստան Ապահով Տեղ Է Ներդրումներու Համար

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, ընդունելով Ռուսիոյ մեծագոյն դրամատուներէն Կազփրոմպանքի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ գործադիր փոխնախագահ Ալեքսանդր Քազնաչէեւի, եւ՝ Կազփրոմպանք խումբի մասնաճիւղ հանդիսացող Առէքսիմպանքի ղեկավարութեան անդամներէն՝ դրամատան խորհուրդի նախագահ Կարէն Կարապետեան եւ գլխաւոր տնօրէն Արմէն Խանդկարեան որոնք ներկայացուցած են Առէքսիմպանքի յառաջիկայ ծրագիրներն ու Կազփրոմպանքի հետ համագործակցութեան արդիւնքով նախատեսուող զարգացման հեռանկարները, առաջարկած է լուրջ ուշադրութիւն դարձնել փոքր ու միջին ձեռնարկատիրութեան ոլորտի դրամական օժանդակութեան։ Հայրենի վարչապետը ըսած է որ, եթէ Կազփրոմպանքը կը ձտի Հայաստանի դրամատնային ծիրէն ներս առաջատար դիրք գրաւել, ապա պէտք է գործէ արագ եւ արդիւնաւէտ, ու օգտագործէ ունեցած ներուժը՝ նկատի ունենալով նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի դրամական հատուածը, թէեւ փոքր է, բայց շատ ուժեղ եւ կայուն է, որովհետեւ Հայաստան այն տեղն է, որտեղ այսօր կարելի է վստահօրէն ներդրումներ կատարել։



Գթութեան Խոհանոց՝ 600 Տարեցներու Համար

31 Հոկտեմբեր 2008-ին, Երեւանի Յուսոյ տուն բարեգործական կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Գթութեան խոհանոց ծրագրի 15րդ շրջանին՝ հովանաւորութեամբ՝ Գերմանական Կարմիր խաչի եւ Երեւանի քաղաքապետի ։ Պատէն-Վիւրթեմպըրկ երկրամասային Գթութեան խոհանոց ծրագրին հոգատարութեամբ, շուրջ 600 տարեց, ընկերային եւ տնտեսական անապահովութեան տակ գտնուող անձեր, Երեւանի՝ Քանաքեռ-Զէյթուն, Արաբկիր եւ Աջափնեակ համայքներու ճաշարաններուն մէջ հնարաւորութիւն ունին օրական մէկ անգամ տաք կերակուր ճաշակելու։ Անոնք կը ստանան նաեւ բժշկական, հասարակական ու հոգեբանական աջակցութիւն։ Ծայրայեղ կարիքաւորներու համար, ի գործ դրուած է լուացքատուն, բաղնիք եւ հագուստի անվճար բաշխման ծառայութիւն։ Սոյն կեդրոնը ունի արեգակնային ջրատաքացման համակարգ եւ հացի արտադրամաս, որ ամէն օր թարմ հաց կապահովէ անոնց։ Գերմանական Կարմիր խաչի ներկայացուցիչ Քարլ Հայնց Շայտէ տեղեկացուցած է, թէ տարուէ տարի կընդլայնի կարիքաւորներուն ցուցաբերուող օժանդակութիւնը այս տարի նախատեսուած է այդ ծրագրին մէջ ներդնել 150 հազար եուրօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.