2008-11-03 14:07:43

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն.- Երեքշաբթի 4 Նոյեմբեր քուէարկութէեան օր Ամերիկայի մէջ,ընտրելու համար նոր նախագահը։

Մարդկայնական Աղէտ Գոնկոյի մէջ


Երեքշաբթի 4 Նոյեմբեր քուէարկութէեան օր Ամերիկայի մէջ,ընտրելու համար նոր նախագահը։Ըստ վերջին հարցախոյզերուն Պարաք Օպամա կը վայելէ առաւել 6 կէտէր ՝բաղդատմամբ իր մրցակիցին՝հանրապետական թեկնածու Մէքքէյնի։ Օպամա Միսսուրի Նահանգին մէջ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց որ ՝՝այն ինչ կը վերաբերի տնտեսութեան,21 ամիսներէ եւ 3 բանավէճէրէ ետք ճոն Մաքքէյն ամերիկացի ժողովուրդին տակաւին չկրցաւ յայտնել թէ Ճորճ Պուշէն տարբեր իր ընելիքը ինչ է.Ոչ մի բան։Ուստի կ՝ուզեմ որ մտածէք այդ մասին (ընդգծեց Պարաք Օպամա)։ Միւս կողմէ Նիւ-Եորքէն եւ Նիւ ճըրսիէն մեծ թիւով խանդավառ հայեր եւ յոյներ մասնակցեցան Պարաք Օպամայի ընտրութեան ի նպաստ կազմակերպուած դրամահաւաքի ձեռնարկի մը,հոկտեմբեր 28ի երեկոյան։ Ձեռնարկը իրականացաւ ՝՝Հայերը Օպամայի համար՝՝ եւ ՝՝Յոյները Օպամայի համար՝՝ կազմակերպութեանց համատեղ ջանքերով։ Հայկական ծագում ունեցող դերասան Վիրճինիա Տէյվիզ որ Նիւ Եորքի մէջ Օպամայի ի նպաստ աշխատանք տանող ամենագործօն համակիրներէն մին է,կը յիշեցնէ թէ ինք թոռնիկն է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներուն,ուստի կոչ կ՝ընէ ՝՝ Քուէարկել Օպամայի ի նպաստ՝՝ ։ Նոյեմբեր 4-ին կայանալիք Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեանց նախորեակին,Դեմոկրատ թեկնածու Պարաք Օպամայի ընտրարշաւի պատասխանատուները զգաելիօրէն ընդարձակեցին պատկերասփիւռային ծանուցումներու արշաւը՝ծանուցումներ կատարելով նոյնիսկ Հանրապետական Կուսակցութեան ամրոցները նկատուող կարգ մը նահանգներու մէջ եւ ամենէն հետաքրքրականը Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Ճոն Մըքքէյնի նահանգին՝Արիզոնայի մէջ։ Միւս կողմէ Օպա կը պնդէ որ իր առաջադրած տուրքերու ծրագրէն պիտի օգտուին՝ ամերիկացիներու հարիւրէն 95 տոկոսը։



Մարդկայնական Աղէտ Գոնկոյի մէջ։ Աւելի քան 1ուկէս միլիոն ժողովուրդ խոյս կուտայ Հիւսիսային Գիվու-ի ընդհարումէն։ Եւրոպական Դիւանագիտութիւնը կը խրախուսէ երկխօսութիւնը. Այսօր Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան առաջին կառախումբը Գոնկօ կը հասնի։ ֆրանսայի եւ Անգլիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Գէնիայէն միացեալ կոչ մը կ՝ուղղեն լուծում մը գտնելու համար Հիւսիսային Գիվու-ի մէջ ի զօրու քաղաքացիական պատերազմին ընդ մէջ՝բանակին եւ ապստամբներուն առաջնորդուած զօրավար Նըգունտայէ։



Նիւ –Եորք։ Մէկ Միլիոն Տոլարի Դրոշմաթուղթը։

1868ին շրջագայութեան մէջ դրուած երեք սէնթնոց դրոշմաթուղթ մը,Հոկտեմբեր 30ին աճուրդի ՝՝Սիկըլ՝՝ հիմնարկին մէջ 1.035.000 տոլարով ծախուած է անյայտ գնողի մը կողմէ։ Սոյն Դրոշմաթուղթէն միայն երեք այլ օրինակներ կան աշխարհի տարածքին։










All the contents on this site are copyrighted ©.