2008-11-02 14:23:50

Համառօտութիւն Սիւնհոդոսի Պատգամին Ս. Գրքի Սիւնոդոսին աւարտոն ուղղուած քրիստոնեայ բոլոր հաւատացեալներուն։


Սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր,

Որոնք ամենուրեք կը կանչեն, անունը Յիսուս-Քրիստոսի, մեր եւ իրենց Տիրոջ. Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծմէ, մեր Հօրմէն եւ մեր Տէր Յիսուս-Քրիստոսէն (Ա. Կորնթ. 1, 2-3)։ Այս ողջոյնովն է Պօղոս Առաքեալի – իրեն նուիրուած այս տարուայ ընթացքին – որ մենք, Սիւնհոդոսական Հայրերս, հաւաքուած Հռոմ` Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի 12-րդ Ընդհանուր Համաժողովին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Հօր հետ միատեղ, ձեզի կ՛ուղղենք այս մեծապէս խորացուած պատգամը եւ առաջարկը Աստուծոյ Խօսքին մասին, որ եղաւ կեդրոնական մասը մեր համաժողովին։

Պատգամ մըն է որ նախ եւ առաջ կ՛ուղղենք ձեր հովիւներուն, բազմաթիւ եւ ձեռներէց քրիստոնէականի ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց որոնք ձեզ կ՛առաջնորդեն Սուրբ Գրքի սիրալիր ունկնդրութեան եւ ընթերցումին մէջ։ Կ՛ուզենք հիմա ձեզի ներկայացնել հոգին եւ էութիւնը այս հատուածին, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին ճանաչումը եւ սէրը աճի եւ խորացուի։ Էական կէտերը որոնք ձեր ուշադրութեան կը հրաւիրենք եւ զոր կ՛արտայայտենք նոյն թուով պատկերներ տալով, չորս հատ են։



Ա – Առաջինն է աստուածային Ձայնը. Ան կը թնդայ ստեղծագործութեան սկիզբէն ի վեր, խորտակելով ոչինչի լռութիւնը եւ ծագում տալով տիեզերքի սքանչելիքներուն. Ձայն մըն է որ կը թափանցէ պատմութեան մէջ, վիրաւորուած մարդկային մեղքի պատճառաւ, եւ վրդոված ցաւի ու մահուան հետեւանքով։ Ան կը տեսնէ նաեւ Տէրը, որ կ՛ընթանայ մարդկութեան հետ որպէսզի իրեն նուիրէ իր շնորհքը, իր դաշինքը, իր փրկութիւնը։ Ձայն մըն է որ կ՛իջնէ անկէ ետք` էջերուն մէջ Սուրբ Գրքին, զոր կը կարդանք այսօր Եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդութեամբ Սուրբ Հոգուոյ, որ տրուեցաւ որպէս ճշմարտութեան լոյս մը Եկեղեցւոյ եւ իր հովուապետերուն։



Բ – Նաեւ, ինչպէս կը գրէ Սուրբ Յովհաննէս, Բանը մարմին եղաւ (Ա. 14)։ Հոս է որ երեւան կու գայ Դէմքը. Ան Յիսուս-Քրիստոսն է, որ յաւիտենական եւ անսահման Աստուծոյ Որդին է, բայց նաեւ մահկանացու մարդ, կապուած պատմական շրջանի մը, ժողովուրդի մը, հողի մը. Ան կ՛ապրի մարդկութեան դժուարին կեանքը մինչեւ իր մահը, սակայն յարութիւն կ՛առնէ յաղթականօրէն եւ կ՛ապրի յաւիտեան։ Ինքն է որ կը կատարելագործէ մեր հանդիպումը Աստուծոյ խօսքին հետ. Ինքն է որ մեզի կը յայտնէ ամբողջական իմաստը որ նաեւ միաձեւ է Սուրբ Գրքերուն եւ որ կը դարձնէ քրիստոնէութիւնը կրօնք մը որ կեդրոնացած է անձի մը շուրջ, Յիսուս-Քրիստոսի, որ յայտնողն է Հօր։ Ինքն է որ մեզ կը հասկցնէ թէ Սուրբ Գրքերը մարմին են, այսինքն մարդկային խօսքեր զորս պէտք է հասկնալ եւ ուսումնասիրել իրենց արտայայտութեան ձեւերուն համաձայն, միշտ մտքի առջեւ ունենալով թէ անոնք կը պարունակեն իրենց մէջ աստուածային ճշմարտութեան լոյսը, զոր կրնանք ապրիլ եւ հայեցողութեամբ տեսնել միայն Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։



Գ – Աստուծոյ Հոգին է որ մեզ կը մղէ դէպի երրորդ էական կէտը մեր ուղեգծին որ է Աստուծոյ Խօսքին Տունը, այսինքն Եկեղեցին որ, ինչպէս գաղափար կու տայ սուրբ Ղուկաս (Գործք Բ. 42), կանգուն կը մնայ չորս գաղափարական սիւներու վրայ.

1. Նախ Ուսուցումն է, այսինքն ընթերցումը եւ հասկացողութիւնը Աստուածաշունչին բոլորին տրուած աւետիսով, քրիստոնէական ուսուցումին մէջ, քարոզին մէջ, հոգին եւ սիրտը գրաւող որեւէ յայտարարութեան մէջ։

2. Ապա` Հացի բեկանումն է, այսինքն Սուրբ Հաղորդութիւնը, աղբիւր եւ գագաթնակէտ Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան. Ինչպէս որ պատահեցաւ այդ օրը, Էմմաուսի մէջ, հաւատացեալները հրաւիրուած են սնունդ առնելու, ծէսին ընթացքին` Աստուծոյ Խօսքին եւ Քրիստոսի Մարմնին սեղանէն։

3. Երրորդ սիւնը ներկայացուած է Աղօթքով, սաղմոսներով եւ ներշնչուած երգերով ու շարականներով (Կող Գ. 16). Նաեւ Ժամասացութիւնով, որ Եկեղեցւոյ այն աղօթքն է որ կը ներդաշնակէ օրերը, ժամանակները եւ քրիստոնէական տարին. Ինչպէս նաեւ աստուածային ընթերցումով, որ աղօթարար ընթերցումն է Սուրբ Գրքին, կարող առաջնորդելու մեզ` մտածականի, հոգեկան աղօթքի եւ հայեցողութեան միջոցներով, դէպի հանդիպումը Քրիստոսի հետ, որ Աստուծոյ կենդանի խօսքն է։

4. Եւ ի վերջոյ ահա Եղբայրական հաղորդակցութիւնը որով իրական քրիստոնեաներ ըլլալու համար չի բաւեր ըլլալ անոնցմէ որոնք կ՛ունկնդրեն Աստուծոյ խօսքը, այլ պէտք է նաեւ զայն ի գործ դնեն, գործօն սիրոյ միջոցաւ (Ղուկ Ը. 21)։ Աստուծոյ խօսքի տան մէջ, կը հանդիպինք հաւասարապէս եղբայրներու եւ քոյրերու որոնք կը պատկանին ուրիշ Եկեղեցիներու կամ քրիստոնէական հասարակութիւններու որոնք, թէեւ բաժնուած` սակայն կ՛ապրին իրական միութիւն մը, նոյնիսկ եթէ ան ամբողջական չէ, աստուածային Խօսքին մեծարանքին եւ սիրոյն ընդմէջէն։



Դ – Կը հասնինք հոգեւոր ծրագրի վերջին պատկերին. Ճանապահն է որուն վրայէն կ՛ընթանայ Աստուծոյ խօսքը. Գացէք ուրեմն, աշակերտեցէք բոլոր ազգերը, սորվեցնելով անոնց այն ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի… Ինչ որ ականջն ի վար, փսփսալով կը լսէք, տանիքներու վրայ ծանուցէք (Մատթ ԻԸ. 19-20. Ժ. 27)։ Աստուծոյ խօսքը պէտք է ընթանայ աշխարհի ուղիներուն վրայէն, որոնք այսօր ներկայացուած են մասնաւորապէս լսատեսողական եւ այլ հաղորդակցութեան միջոցներով։

Աստուածաշունչը հարկ է որ մուտք գործէ բոլոր ընտանիքներու մէջ որպէսզի ծնողներն ու զաւակները կարդան զայն, աղօթեն անոր միջոցաւ եւ իրենց համար ըլլայ ան լոյս մը կեանքի ճամբէքին վրայ (Տես Սաղմ ՃԺԹ. 105)։ Սուրբ Գրքերը հարկ է որ մուտք գործեն նաեւ դպրոցներու մէջ, մշակութային կեդրոններու մէջ, որովհետեւ դարեր շարունակ անոնք եղած են գլխաւոր հայեցակէտը արուեստին, գրականութեան, երաժշտութեան, մտածողութեան եւ նոյնիսկ հասարակաց բարոյագիտութեան։ Իրենց խորդանշական, բանաստեղծական եւ պատմողական հարստութիւնը զիրենք կը դարձնէ գեղեցկութեան զինադրօշ, թէ հաւատքի եւ թէ մշակոյթի համար, աշխարհի մը մէջ որ յաճախ աղաւաղուած է տգեղութենէն եւ ահռելի բարքերէն։

Բայց Աստուածաշունչը մեզի կ՛ընծայէ նաեւ ցաւին շունչը որ կը բարձրանայ երկրէն, ան կ՛երթայ ընդ առաջ ճնշուածներու կոչերուն եւ դժբախտներու ողբերուն։ Իր գագաթին կը կանգնի խաչը ուր Քրիստոս` առանձին ու լքուած, կ՛ապրի ամենադաժան տանջանքի եւ մահուան ողբերգութիւնը։ Բայց ճիշտ Աստուծոյ Որդւոյն ներկայութեան պատճառաւ, չարի եւ մահուան խաւարը կը լուսաւորուի զատկական լոյսովը եւ փառքի յոյսովը։





Սակայն աշխարհի ճանապարհներուն վրայ, մեզի հետ մէկտեղ կը քալեն եղբայրներն ու քոյրերը միւս Եկեղեցիիներուն եւ քրիստոնէական հասարակութիւններուն, որոնք կ՛ապրին, նոյնիսկ բաժանումներու ընդմէջէն, իրական միութիւն մը – հակառակ որ ան ամբողջական չէ – Աստուծոյ խօսքին հանդէպ մեծարանքի եւ սիրոյ կապերով։

Աշխարհի ուղիներու երկարութեան, կը հանդիպինք յաճախ ուրիշ կրօններու մարդոց եւ կիներու, որոնք մտիկ կ՛ընեն եւ կը կատարեն հաւատարմօրէն իրենց սրբազան գրքերու պատուէրները. Անոնք կարող են մեզի հետ կառուցանելու խաղաղութեան եւ լոյսի աշխարհ մը, որովհետեւ Աստուած կ՛ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան գիտութեան (Ա Տիմ Բ, 4)։



Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, պահեցէք Աստուածաշունչը ձեր տուներուն մէջ, կարդացէ՛ք, խորացուցէ՛ք եւ լիովին հասկցէ՛ք անոր էջերը, զանոնք վերածեցէ՛ք աղօթքի եւ կեանքի վկայութեան, մտիկ ըրէ՛ք անոր սիրով եւ հաւատքով ծիսակատարութեան ընթացքին։ Ստեղծեցէ՛ք լռութիւնը որպէսզի կարենաք արդիւնաւոր կերպով լսել Տիրոջ Խօսքը եւ լուռ կեցէ՛ք զայն ունկնդրելէ ետք, որովհետեւ ան պիտի շարունակէ մնալ ձեր մէջ, ապրիլ եւ խօսիլ ձեզի։ Զայն հնչեցուցէ՛ք ձեր օրուան սկիզբը որպէսզի Աստուած ըլլաձ առաջին խօսքը ըսողը եւ թոյլ տուէք որ թնդայ ձեր մէջ երեկոյեան, որպէսզի վերջին խօսքը դարձեալ Աստուծոյ պատկանի։

Ձեզ կը յանձնեմ Աստուծոյ եւ իր շնորհքի խօսքին (Գործք Ի. 32)։ Սուրբ Պօղոսի այս միեւնոյն արտայայտութեամբ, երբ Եփեսոսի Եկեղեցւոյ պետերուն կ՛ուղղէր իր հրաժեշտի ճառը, մենք ալ` Սիւնհոդոսական Հայրերս, կը յանձնենք աշխարհացրիւ հասարակութիւններու հաւատացեալները` աստուածային խօսքին, որ միեւնոյն ատեն դատավճիռ է բայց նաեւ շնորհք, հատու է սուրի նման եւ քաղցր` մեղրի կաթիլի պէս. Ան հզօր է եւ փառաւորեալ եւ մեզ կ՛առաջնորդէ պատմութեան ուղիներուն ընդմէջէն, բռնած Քրիստոսի ձեռքէն, զոր դուք ալ` ինչպէս մենք կը սիրենք իբրեւ Տէր, անապական կեանքով (Եփես Զ. 24)։








All the contents on this site are copyrighted ©.