2008-11-01 14:21:22

Կիրակի 2 Նոյեմբեր 2008 8-րդ Կիրակի Սուրբ Խաչին Յիսուսի ճշմարիտ ընտանիքը (Ղուկաս 8, 17-21)


Ո՞վ է իմ հայրս, մայրս, քոյրս կամ եղբայրս։

Շատեր կը կարծեն թէ այս խօսքերով Յիսուս կ՛արհամարհէ իր ընտանիքը եւ երկրորդական կարգի կը դասէ ընտանեկան ու ազգականական յարաբերութիւնները. ոմանք նոյնիսկ, այս առթիւ կը մէջբերեն Յիսուսի տուած պատասխանը իր ծնողքին երբ 12 տարեկանին` Երուսաղէմի տաճարին մէջ մնացած էր ու իր ծնողաց հետ միասին Նազարէթ չէր վերադարձած, փաստելու համար թէ Յիսուս կամաւորապէս կ՛ուզէր անջատուիլ իր ընտանիքի անդամներէն, որոնք գուցէ զինք եւ իր առաքելութիւնը լաւ չէին ըմբռնած, եւ նոյնիսկ տեղ մը կ՛ուզէին արգելք հանդիսանալ իրեն։

Ճիշտ է որ Յիսուսի համար, առաջնակարգ սէրը եւ յարգանքը կ՛երթայ Աստուծոյ, ինչպէս որ կը հրամայէ առաջին պատուիրանը, սակայն կարելի է ըսել թէ իր բոլոր ջանքը եւ քարոզութիւնը կը գործածէ բացատրտելու, զարգացնելու եւ աճեցնելու համար ընկերոջ սէրը – զոր կը դասէ համահաւասար առաջին պատուիրանին` Աստուծոյ սիրոյն – եւ երբ կը խօսի ընկերոջ մասին, կ՛ուզէ հասկնալ ոչ միայն մարդու մը ընտանիքը, ազգականները, բարեկամները, այլ` իսկապէս բոլոր իր շուրջ գտնուող անձերը, առանց խտրութեան։

Ուստի կրնանք եզրակացնել թէ Յիսուս չ՛ուզեր որ մէկը իր ընտանիքին սէրը գերադասէ Աստուծոյ սիրոյն եւ նաեւ ընկերոջ սիրոյն. Ընտանիքի սէրը մաս մըն է միայն ընկերսիրութեան եւ ըստ այնմ, Յիսուս կը պատգամէ թէ իր հարազատ ընտանիքը չի կազմուիր միայն իր մօրմէն, եղբայրներէն ու քոյրերէն, այլ բոլոր անոնցմէ որոնք մտիկ կ՛ընեն իր խօսքին եւ զայն կը գործադրեն. Մէկ խօսքով` իր ընտանիքը այս կերպով կ՛ընդլայնուի եւ կը դառնայ հոգեւոր նոր ընտանիք մը։

Ինչպէ՞ս կրնանք մենք եւս մաս կազմել Յիսուսի այս հոգեւոր ընտանիքին. Անշուշտ մենք քրիստոնեաներս, մկրտութեամբ մաս կը կազմենք Քրիստոնեայ մեծ ընտանիքին, զանազան խորհուրդները ստանալով` այդ ընտանիքի անդամներէն կը սեպուինք, սակայն այս բոլորը կը մնայ տեսական եթէ գործնականօրէն չի հետեւինք իր ուսուցումին եւ ապրինք կեանք մը որու ընթացքին անտեսենք Յիսուսի սորվեցուցածը, որ գրի առնուած է սուրբ աւետարաններուն մէջ։

Արդ, ի՞նչ է գլխաւոր ուսուցումը Յիսուսի եթէ ոչ սէրը ընկերոջ հանդէպ։

Ուստի եթէ միայն մտիկ ընենք Քրիստոսի պատգամին ու իր խօսքերուն եւ չգործադրենք զանոնք, դուրս կը մնանք Յիսուսի ընտանիքէն. Եթէ կ՛ուզենք մաս կազմել այդ ընտանիքին, անպայմանօրէն գործադրելու ենք հետեւեալ կէտերը.

Ա. Սիրել մեր ընկերը մեր անձին պէս, այսինքն հաւասար սէր ու գուրգուրանք ցոյց տալ մեր շուրջ գտնուող բոլոր անձերուն, իբրեւ թէ անոնք ըլլային մեր հարազատ-ները, մեր հայրը, մայրը, քոյրը կամ եղբայրը։

Բ. Այդ սէրը ըլլայ ամբողջական, այսինքն պատրաստ ըլլանք նոյնիսկ մեր անձը նուիրելու կամ զոհաբերելու մեր ընկերոջ համար. Յիսուս ըսաւ. Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի. Եւ ինք իր կեանքը զոհեց մեզի համար։

Գ. Վերջապէս այդ սէրը տարածուելու է նոյնիսկ անոնց որոնք մեզի թշնամի են, կամ մեզի հակառակ կը գործեն, անոնց որ մեզի հետ չեն բաժներ մեր կրօնքը, մեր բարոյական սկզբունքները եւ կամ մեր համոզումները։

Մէկ խօսքով` զօդը որ կը կապէ Յիսուսի նոր ու հոգեւոր ընտանիքի բոլոր անդամները իրարու` սէրն է, եղբայրսիրութիւնը մինչեւ անձնազոհութիւն. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.