2008-10-31 14:07:02

Վատիկանեան տեղեկութիւններ եւ քահայանապետական անուանում


Կարտինալ Vingt-Trois Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Ալեքսիս Բ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքին հետ

Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք` Ալեքսիս Բ-ի Փարիզ այցելութենէն մէկ տարի ետք, Փարիզի թեմակալը` կարտինալ Vingt-Trois երեք եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցաւ Ալեքսիս Բ պատրիարքին հետ։ Այս հանդիպումներուն նպատակն է ամրապնդել կապերը ֆրանսայի եկեղեցւոյ եւ Ռուսիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ միջեւ։

Կարտինալ Vingt-Trois Մոսկուայ իր 5 օրուայ կեցութեան ընթացքին առիթ ունեցաւ մօտէն ճանչնալու ռուս օրթոտոքս եկեղեցւոյ ծէսն ու գեղարուեստը եւ հանդիպում ունենալու կղերին հետ։



Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը վատիկանի մէջ ընդունելով ամերկացի հրէական մէկ պատուիրակութիւնը հրաւիրեց զանոնք երկխօսթեան եւ հեռանալու անպէտ հակաճառութենէն ու անհասկացողութենէն։ Կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է նկատուի նուիրական պարտականութիւն մը. հաստատեց Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը "Jewish International Committee for Interreligious Dialogue" պատուիրակութեան առջեւ։ Վերոյիշեալ պատուիրակութիւնը նախապէս հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի գաղտնի դիւանի կառավարիչ գերապայծառ Sergio Pagano-ի հետ, խնդրելու՝ Բ. աշխարհամարտի շրջանի դիւաները մասնաւորապէս ուսումնասիրելուՊիոս ԺԲ պապի կեցուածքը հանդէպ տեղահան ու ջարդուած հրեաներուն։ Այդ ուղղութեամբ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի Տնօրէնը մամուլին յայտնած է թէ միմիայն 6 էն 8 տարի ետք կարելի պիտի ըլլայ ուսումնասիրել 1936-1958 շրջանի վաւերաթուղթերը։



քահայանապետական անուանում։

Պենետիկտոս ԺԶ պապը նշանակեց գերապայծառ Ճոն Պոննին առաջնորդը Պելկիայի Անվեր թեմին։ 53 ամեայ գերապայծառ Ճոն Պոննի մեծաւորն էր Հռոմի Պելկիայի քահայանապետական դպրեվանքին եւ 1997-էն անդամ եղած է քրիստոնեաներու միութեան քահայանապետական խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.