2008-10-31 14:04:35

Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետին գործունէութիւթը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. քահայանապետը ընդունեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը։

Ուրբաթ 31հոկտեմբեր 2008-ին, Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը ընդունեցաւ տիար Միշէլ Սլէյման Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը: Լիբանանի նախագահը ծնած է 21 Նոյեմբեր 1948ին Լիբանանի հիւսիսը Ամշիթ շրջանը։ Ան եղած է զինւորական եւ վկայեալ քաղաքական ու վարչական գիտութեան մէջ Լիբանանի համալսարանէն։ Ամուսնացած է եւ հայր երեք զաւակներու։

Նորին Սրբութիւնը ընդունեցաւ նաեւ.

Գերապայծառ Jude Thaddeus Okolo,առաքելական դեսպանը Չատի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութիւններու մօտ, ապա

քահանայապետական Գիտութեանց Ակադեմիայի լիանիստ գումարին մասնակցողները` թիւով 80 հոգի, հուսկ՝ կաթողիկէ խարիսմադիք եղբայրութեան զանազան շարժումներու միջազգային ժողովին շուրջ 700 մասակցողները։



Պենետիկտոս ԺԶ պապի ողջոյնի խօսքը Հռոմի քահայանապետական համալսարաններու ուսանողներու։

Հինգշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2008-ին, յետմիջօրէին, Վատիկանի կաթողիկէ դաստիարակութեան կառավարիչը կարտինալ Zenon Grocholewski Ս. Պետրոս տաճարի մէջ մատուցած հանդիսաւոր պատարագով բացումը կատարեց 2008-2009 Հռոմի քահայանապետական համալսարանական տարւոյն։ Պատարագին աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ պապը Ս. Պետրոս տաճարը մտաւ ողջունելու ուսանողները։

Իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահայանապետը ի մէջ այլոց ըսաւ. ՙ ՙ Այս տարի եկեղեցին կը յիշատակէ Պօղոս առաքեալի յոբելենական տարին։ Կ`ուզեմ ձեզի հետ միասին պահ մը խորհրդածել այդ մեծ առաքեալի մէկ պատգամին վրայ։ Կորնթացիներու ուղղած թուղթին մէջ, ուր բաժանում ծագած էր հասարակութեան միջեւ, որպէս հետեւանք սխալ իմաստութեան, առաքեալը կը գրէ քրիստոնէական իմաստութեան վրայ։ Մէջբերելով իր սեփական փորձառութենէն, Պօղոս կորնթացիներուն կը յիշեցնէ թէ Քրիստոս զինք ղրկեց Աւետարանը քարոզելու, սակայն ոչ լեզուի ճարտարութեամբ, որպէսզի Քրիստոսի խաչը ընդունայն չըլլայ։ Առաքեալը ատկէ մեկնած կը խօսի Աստուծոյ իմաստութեան վրայ որ հակառակ է այս աշխարհի իմաստութեան։ Առաքեալը կը մատնանշէ թէ միմիայն Աստուծոյ իմաստութիւնը ճշմարիտ է իսկ մարդկայինը յիմարութիւն կը կոչէ։ Արդ մենք ունինք Քրիստոսի միտքը։ Աստուածային իմաստութիւնը կը կայանայ Քրիստոսի մտքին հետեւելու մէջ ։ Քրիստոս կը բանայ մեր սրտի աչքերը ընթանալու ճշմարտութեան ու սիրոյ ճանապարհին վրայ։ Սիրեցեալ ուսանողներ, ըաւ Սրբազան Քահայանապետը, դուք Հռոմ եկած էք խորանալու աստուածաբանական գիտութեանց մէջ, արդ` ձեզի համար կարեւոր են Պօղոսի հետեւեալ խօսքը ուղղուած կորնթացիներուն. մարդոցմէ ո՞վ է որ գիտէ մարդու սրտին գաղտնիքները, եթէ ոչ Հոգին, որ կը բնակի մարդու մէջ։ Նմանապէս Աստուծոյ խորհուրդները ոչ ոք գիտէ, բայց միայն Աստուծոյ Հոգին։ Մենք չառինք այս աշխարհի հոգին, այլ` Հոգին որ Աստուծմէ է, որպէսզի ճանչնանք, ինչ որ Աստուած պարգեւեց մեզի։ Ճանչնալու եւ ըմբռնելու համար հոգեւոր բաները, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հարկ է որ ըլլանք հոգեւոր այրեր ու կիներ, իսկ եթէ մարմնական ենք, կ`իյնանք անխուսաբելիօրէն յիմարութեան մէջ, նոյնիսկ եթէ շատ բան ուսանինք ու հմուտ դառնանք։ Սիրեցեալ բարեկամներ, պօղոսեան այս խորհրդածութիւնը չի նպատակադրեր ստորագնահատել մարդկային ճանաչումի յանձնառումը, Պօղոս առաքեալին կը հետաքրքրէ ընդգծել փրկութեան հարկաւորութիւնը։ Պօղոս առաքեալը Հռոմէացիներուն ուղղած թուղթին մէջ կը հարց կու տայ թէ ո՞վ մեզ պիտի ազատագրէ։ Այս հարցումին ան կը պատասխանէ. Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, որ Հայրը մեզի պարգեց Ս. Հոգւոյն միջոցաւ։ Քրիստոսի միտքը որ շնորհքով ընդունեցանք, մեզ պիտի ազատէ սխալ իմաստութենէն։ Քրիստոսի միտքը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակելով կ`ընդունինք Եկեղեցւոյ միջոցաւ ու Եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.