2008-10-31 12:39:57

Թուրք նախարարը Ուիլիամ Սարոյանի Թանգարան կ՝ուզէ։


Թուրք նախարարը Ուիլիամ Սարոյանի Թանգարան կ՝ուզէ - Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարը Է.Կիւնայ, Անի քաղաքը համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ առնել տալու մտադրութենէն ետք, յայտարարած է թէ Ուլիամ Սարոյեանի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ կուզէ Պիթլիսի անոր պապենական տունը նորոգել եւ թանգարանի վերածել։ Նպատակը պիտի իրականանայ, եթէ կարելի ըլլայ ստուգել Սարոյեաններու բնակարանին ստոյգ վայրը։ Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին թուրք նախարարը դժգոհած է որ Թուրքիա մինչեւ այսօր շատ մտահոգուած չէ իր արուեստագէտներով եւ հետաքրքրութեան առարկայ չէ ըրած անոնց ապրած վայրերը։

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ շնորհաւորած Պոլսոյ հայկական Ժամանակ թերթի 100-ամեակը - Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը շնորհաւորած է թրքահայութիւնը, Պոլսոյ մէջ հրատարակուող Ժամանակ թերթի հարիւրամեակի կապակցութեամբ։ Թերթին տուած բացառիկ հարցազըրոյցի ընթացքին նշելով, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու մէջ կը շարունակուի իր Երեւան կատարած այցով սկսուած դրական եւ կառուցողական մթնոլորտը, Նախագահ Կիւլ նշած է, որ կը շարունակուին երկու երկիրներու արտաքին Գործոց Նախարարներու հետ կողմերու դիւանագէտներու համատեղ աշխատանքները։ Հարցազրոյցի ընթացքին Կիւլ ընդգծած է, որ Պոլսոյ Ժամանակ թերթն ու հայկական միւս կազմակերպութիւնները Թուրքիոյ կազմակերպութիւններն են։ Ժամանակ թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Քոչունեանը թրքական Միլլիյէթ թերթին ա յայտնած է, որ իր խմբագրած թերթը Թուրքիոյ եւ աշխարհի մէջ առանց ընդմիջման հրատարակուող հայալեզու ամենահին թերթն է։

ֆրանսայի մէջ Թրքական Օրեր - Ըստ Թրքական եւ ֆրանսական լրատուամիջոցներուն, 2009ի Յուլիսէն- 2010 Մարտ, ինը ամսուայ ժամանակաշրջանին, Ֆրանսայի մէջ տեղի կունենայ թրքական օրերու կազմակերպումը։ Ըստ թրքական թերթերու մեկնաբանութիւններուն, այս ծրագրով կը նախատեսուի նոր էջ բանալ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ, որ թերեւս փակէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Եւրոպայի անդամակցութեան վէճերով յատկանշուած շրջանը։ Երկու երկիրներու արտաքին Գործոց եւ Մշակոյթի նախարարութիւններէն պատասխանատուներ եւ կազմակերպութիւններու







All the contents on this site are copyrighted ©.