2008-10-31 14:10:28

Արամ Ա կաթողիկոսի այցը Թեհրան


Ընդառաջելով Իրանի մշակոյթներու եւ կրօններու երկխօսութեան բաժանմունքի հրաւէրին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Չորեքշաբթի 29 Հոկտեմբերին մեկնեցաւ Թեհրան։ Այցելութիւնը պիտի տեւէ մէկ շաբաթ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող կրօնական երկխօսութեան երրորդ հանդիպումը ։Յայտնենք, որ վեց տարիներ առաջ, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ սոյն երկխօսութեան առաջին հանդիպումը։ Երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեք տարիներ առաջ՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, եւ այժմ, երկխօսութեան յանձնախումբի նիստը վեհափառին գլխաւորութեամբ պիտի գումարուի դարձեալ Թեհրանի մէջ։

Միջկրօնական սոյն երկխօսութեան համագումարին վեհափառին կողքին պիտի մասնակցին իրանահայ երեք թեմերու առաջնորդ սրբազանները՝ Սեպուհ արք Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի թեմի), Բաբէն եպս Չարեան (Առաջնորդ Սպահանի թեմի) եւ Նշան եպս Թօփուզեան (Առաջնորդ Ատրպատականի թեմի), ինչպէս նաեւ Իրանի խորհրդարանի երկու հայ երեսփոխանները եւ Ազգ. իշխանութեան ներկայացուցիչները։

Թեհրան իր կեցութեան օրերուն, Արամ Ա կաթողիկոս պիտի նախագահէ շարք մը ձեռնարկներու, եւ յատկապէս Քրիստոնէական դաստիարակութեան տարուան առիթով կազմակերպուած ժողովրդային հանդիսութիւններու, ինչպէս նաեւ պիտի ունենայ համայնքային եւ պետական հանդիպումներ։



Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Եկեղեցական Ընտանիքներու Ժողովին

21-22 Հոկտեմբերին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու տարեկան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Միջ եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ Նարեկ եպս. Ալէմէզեան։

Այս ժողովը առիթ կընծայէ եկեղեցական ընտանիքներու պատասխանատուներուն միասնաբար քննարկելու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն առնչուած հարցերը եւ իրարու հետ բաժնեկցելու համաքրիստոնէական մտահոութիւնները։

Ժողովին միւս մասնակիցներն էին Ռուս ուղղափառ, Հռոմէական կաթողիկէ, Անկլիքան, Լուտերական, Բարեկարեալ, Մեթոտիսթ, Բողոքական եւ Ազատ եկեղեցական ընտանիքները։ Նարեկ սրբազան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ վերջին տարուան ընթացքին Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ունեցած պաշտօնական աստուածաբանական երկխօսութիւններուն եւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններու մասնայատկութիւններուն։

Ժողովի օրակարգին մաս կազմեցին քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին հետ յարաբերութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.