2008-10-31 12:44:39

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն'


Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր Միշել Սլէյման երէկ Հռոմի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Իտալիոյ նախագահ Ճիորճիօ Նափոլիթանոյի եւ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի հետ։ Այսօր Միշէլ Սըլէյման Վատիկանի մէջ կ՜ընդունուի Պենետիկտոս ԺԶրդ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։ Երէկ կէսօրին Իտալիոյ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու նախագահներուն երկկողմանի վեհաժողովը։ Վեհաժողովին ընթացքին Իտալիոյ նախագահը Լիբանանի նախագահ Սլէյմանը պարգեւատրեց Մեծ Խաչի Ասպետ շքանշանով, իսկ նախագահ Սլէյման իր կարգին Իտալիոյ Նախագահ Ճիօրճիօ Նափոլիթանոն պարգեւատրեց՝ բացառիկ աստիճանի Լիբանանեան Բարձրագոյն շքանշանով։

Հնդկաստան։Ականահարումներ առնուազն 65 զոհեր կը պատճառեն - Հնդկաստանի հիւսիսարեւելեան Ասսամ նահանգին եւ այլ քաղաքաներու մէջ 11 ականներու պայթումները առ նուազն 65 զոհեր եւ 335 վիրաւորներ պատճառած են։ Ասսամ նահանգը տասնամեակներէ ի վեր անջատողական ըմբոստութեան մը թատերաբեմ դարձած է, սակայն վերջերս նաեւ թատերաբեմ դարձած է մօտակայ Պանկլատէշէն եկած իսլամականներու կողմէ կատարուած ականահարումներու։Երէկուայ պայթումներու մեծ մասը խճողուած շուկաներու մէջ տեղի ունեցան՝ ականուած մոթոսիքլեթներու ճամբով։

Դամասկոս - Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահաններու դեսպանատունը երէկ իր դռները փակեց, մինչ հազարաւոր ցուցարարներ Դամասկոսի մէջ ցոյց կատարեցին՝ բողոքելով իրաքեան սահմանին մօտ գտնուող սուրիական գիւղի մը վրայ ամերիկեան ուժերու կատարած յարձակումին դէմ։ Դեսպանատունը յայտնեց, որ որոշումը տրուած է նկատի ունենալով նախկին ցոյցերու ընթացքին ամերիկեան կեդրոններու եւ այլ դեսպանատուներու կրած վնասը՝ աւելցնելով միաժամանակ, որ ամերիկեան դպրոցը եւս ժամանակաւորապէս փակ պիտի մնայ։

Ըստ Ֆրանսայի նախկին վարչապետին՝ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը - Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Միշէլ Ռոքարի համաձայն, Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիա լուծէ Կիպրոսի խնդիրը եւ ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ Թուրքիան գիտէ ատիկա։ Անկախ Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքիյեան փոխանցած է, թէ Միշէլ Ռոքար, որ( Թուրքիոյ՝ Երոպական Միութիւն մտնելու կողմնակիցներէն է,) յայտնած է, որ Եւրոպան, Թուրքիոյ եւ նախկին խորհրդային երկիրներուն կարիքը ունի, մասնաւորապէս ուժանիւթի պատճառներով։ Խօսելով Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին՝ Միշէլ Ռոքար նշած է թէ ֆրանսան նոյնպէս մեծ դժուարութիւններ ունեցած է՝ Վիշիի վարչակարգի քննադատման հետ կապուած։

Թուրք բժիշկները կը հակազդեն համաշխարհային միութեան կայքէջին ։

Հայմաշխարհային բժիշկներու միութիւնը իր վրայ հրաւիրած է Անգարայի շանթերը, որովհետեւ իր կայքէջին վրայ Ամսուան երկիրը բաժնին մէջ Հայաստանը ներկայացնելով ըսած է թէ 1914-18 տարիներուն 1,5 միլիոն հայ սպաննուեցաւ Թուրքիոյ մէջ, թէ գործուածը Ցեղասպանութիւն էր։ Այս Միութեան անդամ է Թուրքիան եւս։ Թուրքիոյ բժիշկներու միութեան ընդհ քարտուղարը Ա Ռ Իւժէր ըսած է թէ պէտք է շարժման անցնիլ ու համաշխարհային բժիշկներու միութեան կայքէջէն այդ բաժինը ջնջել տալ։ Իսկ եթէ ատիկա չյաջողի, թրքական միութիւնը վերջ տայ իր անդամակցութեան։ ներկայացուցիչներ Յունիսէն ի վեր շարունակաբար այցելութիւններ կը փոխադարձեն եւ պաշտօնապէս ձեռնարկած են աշխատանքի։ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ աւագ դեսպան Նեճաթի Ութքան, ֆրանսականը՝ Աքսա ընկերութիւններու խմբաւորման նախագահ Հանրի տը Գասթրի։ Ցուցահանդէսներ պիտի կազմակերպուին Կրան Փալէի, Լուվրի եւ այլ վայրերու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.