2008-10-30 14:12:48

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


 

հինգշաբթի 30 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին Վատիկանի Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ կաթողիկէ դաստիարակութեան վարիչը հանդիսաւոր պատարագով բացումը կը կատարէ 2008-2009 Հռոմի քահայանապետական համալսարանական տարւոյն։ Պատարագին կը մասնակցին քահայանապետական համալսարաններու ուսանողները։



Վատիկանի մնայուն դէտի միջամտութիւնը ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի 63-րդ նիստին, աղքատները պարտաւորուած են վճառել համաշխարհային տնտեսական տագնապը։

Ներկայ համաշխարհային տնետեսական տագնապը պիտի վատթարացնէ տասնեակ միլիոնաւոր աղքատներու վիճակը, յայտարարած է Վատիկանի մնայուն դէտը`գերապայծառ Չելեսդինօ Միլիորէ, խօսք առնելով ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի 63-րդ նիստին։ Ներկայի համաշխարհային տնտեսութեան փլուզումը վստահաբար շատ ծանր պիտի կշռէ աղքատներու վրայ։ Ան միաժամանակ ողջունած է անկար մարդոց իրաւունքներու համաձայնութիւնը, որ ի զօրու դարձած է անցեալ մայիս ամիսէն սկսեալ։ Վատիկանի դիւանագէտը նաեւ յիշեցուցած է թէ կեանքի իրաւունքը, յղացումէն մինչեւ բնական մահը, առաջինն է մարդու իրաւունքներուն։



Յիսուսեան երկու հայրեր սպաննուած են Մոսկուա, իրենց բնակարանին մէջ։

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը, չորեքշաբթի օրը հաստատեց երկու յիսուսեան հայրերու սպաննութիւնը Մոսկուայի իրենց բնակարանին մէջ։ Երկու կրօնաւորները Հայր Օթթօ Մեսմէր 47 տարեկան իսկ եկրորդը`Վիքթոր Պեթանգուր` 42 տարեկան, Էկուատորէն։ Մոսկուայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդարանը իր խոր ցաւը կը յայտնէ այս մեծ կորուստին համար։ Նշենք թէ կաթողիկէ եկեղեցին Ռուսիոյ մէջ ունի շուրջ 1,5 միլիոն հաւտացեալ։

Նոյնպէս Հնդկաստանի Օրիսսա նահանգի մէջ հայր Պերնար Տիկալ, զոհ՝ ինդուներու բռնութիւններուն քրիստոնեայ հասարակութեան դէմ, հոկտեմբեր 29-ին վախճանեցաւ, հաղորդագրեց Միսնա մամլոյ գործակալութիւնը։ Ան, Օգոստոսին սկիզբը, բռնարարքներու զոհ եղաւ եւ չդիմացաւ վիրաբուժական գործողութեան։ Նշենք թէ ինդուներու բռնութիւներու հետեւանքով մինչեւ այսօր 60 քրիստոնեաներ սպաննուած են։



Էրպիլ թեմի առաջնորդը պաշտպանը կը հանդիսանայ Մուսուլի քրիստոնեաներուն։

Քաջալերուած Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետի կոչէն, Իրաքի Էրպիլ թեմի առաջնորդը` գերապայծառ Ռապպան Ալ Քաս պաշտպանը կը հանդիսանայ Մուսուլի քրիստոնեաներուն։ Ան, նախարարապետ Ալ Մալիքիէն եւ ամերիկեան իշխանութիւններէն կը խնդրէ որ ընդունին իրենց պատասխանատուութիւնները Մուսուլի մէջ քրիստոնեաներու կրած բռնութիւններու, հետեւանքը եւ պտուղը անհանդրժող ծայրայեղութեան։ Նոյնպէս Էրպիլի առաջնորդը իր կոչը կ`ուղղէ իսլամ աշխարհին, խնդրելով որ դատապարտէ այն ինչ որ կը պատահի Մուսուլի մէջ։ Անցեալ 28 Հոկտեմբերին Իրաքի եպիսկոպոսները առաքելական նուիրակին հետ միասին խորհրդաժողով գումարած էին Էրպիլի մէջ։ Էրպիլ թեմի առաջնորդին գնահատումով միմիայն Հռոմի պապը մօտէն կը հետաքրքրուի Իրաքի կացութեամբ։ Ան քաղաքացիական իշխանութիւններէն կը պահանջէ վճռակամ որոշում վերահաստատելու իրաւունքը եւ խաղաղ համակեցութիւնը։ Եպիսկոսին համաձայն, այն ինչ որ կը պատահի Մուսուլ հետեւանքն է պետութեան անտարբերութեան։ Այս ողբերգութիւնը կը յիշեցնէ առաջին դարերու քրիստոնեաներու վիճակը տասնեակ հազարաւոր քրիստոնեաներ եւ քիւրտեր արտահան եղած են։ Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութեան հազիւ մէկ քառորդը դեռ Իրաք կը մնայ։ Ներկայ կացութիւնը հետեւանքն է Իրաքի վարչապետի ու կառավարութեան երկար լռութեան, որոնք չկարողացան վերջ դնել բռնութիւններու հոսանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.