2008-10-30 14:08:26

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։


Սարգսեան-Մէտվէտէվ –Ալիէվ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 2 Նոյեմբերին։

Հայաստանի նախագահի Մամլոյ Գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ( ըստ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութեան) Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի մասնակցութեամբ, տեղի պիտի ունենայ 2 նոյեմբերին, Մոսկուայի մէջ։

Հանդիպման օրակարգին վրայ պիտի ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հետ կապուած հարցերը։

Ռուսիոյ նախագահ Մետվետեւ 21 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արտայայտուած էր ըսելով թէ ՝՝ Յոյս ունիմ, որ ամէնէն մօտիկ ապագային կայանայ երեք նախագահներու հանդիպումը, որպէսզի շարունակենք Ղարաբաղեան տագնապի նիւթի քննարկումը։ Յոյս ունիմ, որ այդ հանդիպումը տեղի ունենայ Ռուսիոյ մէջ՝՝։



- Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշել Սլէյման Իտալիա կը գտնուի։ Զօրավար Սլէյման Իտալիոյ եւ Վատիկանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ։ Նախ այսօր Իտալիոյ նախագահ Ճիորճիօ Նափոլիթանոյի ու վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի հետ, իսկ ուրբաթ օր՝ (վաղը) ան Վատիկանի մէջ պիտի ընդունուի՝ Պենետիկտոս ԺԶ .րդ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։

Վատիկանի մէջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր Պատրիարքին հետ։



- Կովկասեան Ուխտի քննարկման Նուիրուած Խորհրդաժողով՝Անգարայի մէջ։

Անգարայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կովկասեան համագործակցութեան եւ անվտանգութեան Ուխտի եւ Վրաստանի դէպքերէն ետք շրջանի վիճակի քննարկման նուիրուած միջազային խորհրդաժողովը, որ կազմակերպուած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեանց կողմէ։ Այս խորհրդաժողովին կը նախատեսուի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքագէտներու եւ մասնագէտներու մասնակցութիւնը։



- Միջազգային Գործիչներու Նաւը Կազա Կը Հասնի։

ՄիջազայինԳործիչներ, որոնց շարքին1976ի Նոպելեան մրցանակակիր Մայրիտ Քորիկըն-ը փոխադրող նաւ մը, հակառակ իսրայէլեան ծովային շրջափակումին Կիպրոսէն ճամբայ ելլելով հասաւ Կազա։ Ասիկա ՝՝Ազատագրեցէք Կազան՝՝ շարժումին կողմէ կատարուած նոյնատեսակ երկրորդ ճամբորդութիւնն էր։ Օգոստոսին 42 Գործիչներ երկու նաւերով դէպի Կազա նաւարկեցին՝ առանց իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ արգելքի հանդիպելու։ Իսրայէլի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մէկ բանբերը յայտնած էր, որ իսրայէլեան ծովուժը երեքշաբթի օր Լառնաքայէն ճամբայ ելած նաւուն պիտի չարտօնէ, որ Կազա հասնի։ Ան աւելի ուշ սակայն յայտնեց, որ որոշումը փոխուած է։ Նաւուն վրայ գտնուող 13 երկիրներէ 27 անձերու շարքին էր Մայրիտ Քորիկըն Մակուայըր, որ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ իր աշխատանքին համար 1976-ին Նոպելեան Խաղաղութեան մրցանակին արժանացած էր։ Նաւը իրեն հետ բերաւ նաեւ մէկ թոն դեղորայք։ Միջազային Կարմիր Խաչը անցեալ շաբաթ յայտնեց, որ Կազա գրեթէ որեւէ դեղորայք չի ստանար։ Կազմակերպութիւնը այդ իրողութեան համար մեղադրեց Այսրյորդանանի մէջ գտնուող Պաղեստինեան Իշխանութեան եւ Համաս Շարժումի միջեւ համաձայնութեան պակասը։



- Ժամանակ եւ Ակօս թերթերու խմբագիրները նախագահ Կիւլի քով։

Ըստ Նոյան Տապան լրատու գործակալութեան,Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումի 85րորդ տարեդարձի առթիւ կայանալիք նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս,Թուրքիոյ Նախագահը Կիւլ(այլոց շարքին) իր նստավայրը հրաւիրած է նաեւ Պոլսոյ Ժամանակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանը եւ Ակօս շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Էթիէն Մահչուպեանը։ Նշենք որ Արա Գոչունեան ընկերակցած էր Ապտուլլահ Կիւլի անոր Հայաստան կատարած պատմական այցելութեան առթիւ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.