2008-10-29 13:41:32

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Յովհաննէս-Պօղոս Բ պապը եղաւ մեկնաբանը եւ վկան Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովին։



Յովհաննէս Պօղոս Բ պապը եղաւ մեկնաբանը եւ վկան Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովին (1962-1965), կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ պապը իր պատգամին մէջ, ուղղուած Սերաֆիքում քահայանապետական համալսարանի կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովի մասնակցողներուն։ Գիտաժողովին նիւթն է. Վատիկան Բ եւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ պապը։ Սրբազան Քահայանապետը իր պատգամին մէջ կ`ընդգծէ թէ ամէնքս պարտական ենք հանդէպ վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի արտակարգ եկեղեցական դէպքին։ Ապա Նորին Սրբութիւնը կը յարէ թէ Յովհաննէս ԻԳ.ի Տիեզերական Ժողովը կոչելու հիմնական դրդապատճառը եղած էր մատչելի դարձնել աստուածային փրկութիւնը այսօրուան մարդու։ Այդ հեռանկարով աշխատեցան ժողովական Հայրեր։ Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի վարդապետական վաւերաթուղթերու ժառանգութիւնը խթան մըն է խորացնելու Աստուծոյ խօսքը ու զայն կիրարկելու այսօրուան Եկեղեցւոյ, աչքի առջեւ ունենալով ժամանակակից մարդոց անհրաժեշտութիւնները։



Կարինալ Թոռան Հինտուներու Տիվալի տօնին առթիւ ոչ-բռնութեան կը հրաւիրէ ինդուները։



Միջկրօնական քահայանապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Թոռան Հինտուներու Տիվալի տօնին առթիւ կը հրաւիրէ ինդուները եւ քրիստոնեաները խաղաղ համակեցութեան։ Իր այս կոչը կու գայ երբ Հնդկաստանի Օրիսա նահանգը ամիսներէ ի վեր բեմ է հակաքրիստոնէական յաճախակի բռնութիւններու։

՚ ՚Քրիստոնեայ եւ հինտու, միասնաբար աշխատիլ ոչ-բռնութեան ի խնդիր՚ ՚ կոչուած պատգամին մէջ կարտինալը կը գրէ. Տիվալի` կամ ՚ ՚Լոյսի տօնը՚՚՚՚՚՚՚՚՚ ՚ թող ըլլայ առիթ համոզուելու թէ ոչ-բռնութիւնը միակ եղանակն է կերտելու ընկերութիւն մը աւելի կարեկիր, աւելի արդար եւ աւելի ուշադիր։ Մեր կարելին ընենք պաշտպանելու կեանքի նուիրականութիւնը, օգնենք մեզի հետ ապրող կարօտեալներու ու համագործակցինք երկխօսութեան միջոցաւ պահպանելու մարդկային արժանաւորութիւնը առանց խտրութիւն դներու ցեղի, դասկարգի ու կրօնի։

Տիվալի տօնը, որ երեք օր կ`երկարի, ինդու կրօնի ամենէն հին եւ ամենէն կարեւոր տօնն է, որ կը վերակոչէ բարիի յաղթանակը չարին վրայ, կեանքը` մահուան վրայ, լոյսը խաւարի, ճշմարտութիւնը սուտի։ Խորհրդանշականօրէն, այդ երեք օրերուն, , ինդուները իրենց բնակարանները կը լուսաւորեն գիշերուայ խաւարը վտարելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.