2008-10-29 13:44:37

Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը ՙ ՙԽաչի աստուածաբանութիւնը Ս. Պօղոսի մօտ՚ ՚ նիւթին մասին։ Պօղոսեան յոբելենական տարւոյն առիթով այսօր Նորին Սրբութիւնը


Չորեքշաբթի 29 հոկտեմբեր 2008, Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 20.000 ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ։ Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Ս. Պօղոս առաքեալի մասին այսօր Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ խաչի աստուածաբանութիւնը Ս. Պօղոսի մօտ, նիւթին մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը)
Այսօր ձեզի հետ կ`ուզեմ խօսիլ Խաչի աստուածաբանութիւնը Ս. Պօղոսի մօտ, նիւթին մասին։ Դամասկոսի ճամբու վրայ ունեցած փորձառութեան հիման վրայ, Պօղոս հասկցաւ թէ Յիսուս մեռած էր եւ ապա ան յարութիւն առաւ բոլորիս համար։ Ինչպէս նաեւ առաքեալը հասկցաւ թէ փրկութիւնը շնորհք մըն է, որովհետեւ ամէն ինչ կու գայ Քրիստոսի մահէն եւ ոչ թէ մեր գործերէն։ Առաքեալին համար, խաչը հիմնական նշանակութիւն ունի. անիկա կը դրսեւորէ Աստուծոյ անվճառ սէրն ու ողորմութիւնը։ Հետեւաբար առաքեալը Խաչը կը ներկայացնէ, ոչ թէ իբր գայթակղութիւն եւ յիմարութիւն, այլ` դրսեւորումը Աստուծոյ անհուն սիրոյ ամենազօրութեան։ Խաչը հետեւաբար քրիստոնէական խորհուրդին կեդրոնին կեդրոնն է։ Խաչը իմաստութիւն է, որովհետեւ կը յայտնէ մեր Աստուածը, որ ձրիաբար կը փրկէ մարդը։ Աստուծոյ այս ձրիութիւնը ճշմարիտ իմաստութիւնն է։ Առաքեալը փորձարկելով իր սեփական տկարութիւնը երաշխիքը կ`ունենայ Քրիստոսի սիրոյն։ Արդարեւ Քրիստոսի զոհաբերումով, Աստուած մեզ իր հետ հաշտեցուց։ Ընդունիլ խաչը կ`ենթադրէ հետեւաբար ճշմարիտ դարձ մը եւ ոյժ կու տայ մերժելու փորձութիւնը որ կը բնակի մարդու մէջ։ Միմիայն խաչի տկարութեան կատարեալ ճանաչումով մեզի կարելիութիւն կը տրուի յայտնաբերելու Աստուծոյ Հոգիին բոլոր զօրութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Միայն այն ժամանակ պիտի կարենանք Պօղոս առաքեալի հետ ըսել ՚՚ ՚ես չեմ պարծենար եթէ ոչ միայն խաչով մեր Տիրոջ Յիսուսի, որով աշխարհը ինծի համար խաչուած է եւ ես խաչուած մըն եմ աշխարհի համար՚ ՚ (Գաղ. 6,14)։
ԱÛë ËáñÑñ¹³Íáõû³Ý ³õ³ñïÇÝ ÝáñÇÝ ëñµáõÃÇõÝÁ ½³Ý³½³Ý µ³ñµ³éÝ»ñáí áÕçáõÝ»ó Ý»ñϳݻñÁ մաղթելով որ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու գերեզմանները այցելելով ըսաւ Պ ԺԶ ձեր սէրը ամրապնդուի եկեղեցւոյ հանդէպ։
Եõ ݳËù³Ý Çñ ³é³ù»É³Ï³Ý ûñÑÝáõÃÇõÝÁ Սñµ³½³Ý Ք³Ñ³Û³Ý³å»ïÁ ѳÛñ³Ï³Ý Ëûëù ÙÁ áõÕÕ»ó »ñÇï³ë³ñ¹Ý»ñáõÝ« ÑÇõ³Ý¹Ý»ñáõÝ »õ Ýáñ³åë³Ï»³ÉÝ»րուն քաջալերելով զանոնք որ արիութեամբ քալել Յիսուսի խաչի ետեւէն։

Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր մերը։

Իսկ այժմ լսելի կ`ընենք Սրբազան պապին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.