2008-10-29 13:38:23

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Նախագահ Սկէյման չորեքշաբթի օրը պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Իտալիա եւ Վատիկան։

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը մեկնի Իտալիա եւ Վատիկան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Իտալիոյ նախագահ Ճիորճիօ Նափոլիթանոյի, վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի, ինչպէս նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ պապին հետ։ Նախագահ Սլէյմանի կ`ընկերակցի լիբանանեան պաշտօնական ապահովական եւ վարչական պատուիրակութիւն մը ։ Վատիկանի մէջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին հետ։ Միւս կողմէ, Պաապտայի մէջ նախագահ Սլէյման երէկ ընդունեց Յունաստանի բարգաւաճման նախարար Խրիսթոս Ֆոլիասը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան - յունական երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Սուրիա կ`որոշէ փակել Դամասկոսի մէջ ամերիկեան վարժարանը եւ մշակութայոն կեդրոնը։

Ժազիրա արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հակազդելով կիրակի օր Սուրիոյ մէջ կատարուած ամերիկեան յարձակումին, Սուրիոյ կառավարութիւնը որոշած է փակել Դամասկոսի մէջ ամերիկեան դպրոցը եւ մշակութային կեդրոնը։ Սուրիա ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց 8 շինարարներ սպաննած յարձակումին պատասխանատուութիւնը բեռցնելու Միացեալ Նահանգներու վրայ։ Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կատարուած կիրակի օրուան յարձակումը թիրախ դարձուցած եւ սպաննած է դէպի Իրաք ապօրինի կերպով օտար զինեալներ փախցնող մը։ Փենթակոն եւ Սպիտակ տունը մերժեցին պաշտօնապէս հերքել կամ հաստատել դէպքին մէջ ամերիկեան մեղսակցութիւնը։ Դէպքը ահազանգի մատնեց Ֆրանսան եւ Ռուսիան, որոնք Միացեալ Նահանգներու կոչ ուղղեցին՝ յարելու Սուրիոյ գերիշխանութիւնը։ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Լոնտոն իր այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Եւրոպայի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանաիգտական յարաբերութեանց վերաշխուժացումը արգելակելու համար։Ամերիկացիները լոյս աչքով այս քայլին կը դիմեն։ Այս կը նշանակէ, որ պատահածը սխալ մը չէր, այլ՝ կտրուկ վճռակամութիւն մը։ Այդ պատճառով այս մէկը ոճրային եւ ահաբեկչական յարձակում մը կը նկատենք, ըսաւ ան։ Իրաք եւս դատապարտեց Սուրիոյ դէմ ամերիկեան յարձակումը եւ յայտնեց, թէ չուզեր, որ իր հողամասերը օգտաործուին դրացի երկիրներուն վրայ յարձակում գործելու իբրեւ մեկնակէտ։

Ըստ Պեռնար Քուշների Եւրոպական Միութիւն – Ռուսիա բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ գերաստիճանին ընթացքին

Ֆրանսայի արտգործ նախարար Պեռնար Քուշներ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը 14 նոյեմբերին նախատեսուած Եւրոպական Միութիւն - Ռուսիա գերաստիճանին ընթացքին գործընկերութեան ուխտի բանակցութիւններուն վերսկսումը չի բացառեր։ Եւրոպական Միութեան 27 արտգրծ նախարարները վերջին հանդիպումին ընթացքին որոշեցին, որ բանակցութեանց վերսկսումը անխուսափելի է։ Քուշներ ըսաւ, թէ Ռուսիա Եւրոպական Միութեան կազի կարիքներուն քառորդը կը բաւարարէ, իսկ վերջինս իր կարգին Ռուսիոյ առեւտրական մեծագոյն գործընկերն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.