2008-10-28 14:23:13

Յովհաննէս ԻԳ պապի ընտրութեան 50-րդ տարեդարձը


Երեքշաբաթի օրը, 28 հոկտեմբեր 2008, Վատիկանի Պետական քարտուղարը` կարտինալ Տարչիզիօ Պերթոնէ, Ս. Պետրոս Պազելիքայի մէջ հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց երանելի Յովհաննէս ԻԳ պապի ընտրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։ Պատարագին աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը Ս. Պետրոս տաճար մտաւ աղօթելու երանելի Յովհաննէս ԻԳ պապի խորանին առջեւ եւ ապա այդ առթիւ քարոզ մը արտասանեց։ 30 հոկտեմբերին կաթողիկէ դաստիարակութեան կառավարիչը` կարտինալ Զենոնէ Կրոհլովսքին հանդիսաւոր պատարագով սկիզբ պիտի տայ Հռոմի քահայանապետական համալսարաններու 2008-2009 տարւոյն։

Նոյեմբեր մէկ` տօն ամենայն Սրբոց, ըստ լատինաց, Պենետիկտոս ԺԶ պապը կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ։ Նոյեմբեր 2ին, երեկոյեան, Ս. Պետրոսի գետնադամբանը պիտի իջնէ հոգեհանգստեան կարգը գլխաւորելու ննջեցեալ քահայանապետներու հոգիներուն։ Իսկ նոյեմբեր 3-ին, Ս. Պետրոս տաճարի մէջ հոգեհանգստաեան պատարագ պիտի մատուցէ, այս տարուայ ընթացքին վախճանած կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու ի յիշատակ։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ







All the contents on this site are copyrighted ©.