2008-10-28 14:38:56

2008 – Քրիստոնէականի ուսուցման տարին

Եկեղեցին եւ Հաւատացեալները

180- Ինչպէ՞ս կը կիրարկուի եկեղեցային պաշտօնատարութիւնը։

Քրիստոսի կողմէ ընտրուած եւ միատեղ առաքուած տասներկու առաքեալներուն օրինակին համաձայն, եկեղեցային նուիրապետութեան անդամներուն միութիւնը եւս կը գործէ ի սպաս հաւատացեալ ամբողջ հասարակութեան։ Ամէն Եպիսկոպոս իր պաշտօնատարութիւնը կը կիրարկէ որպէս անդամ եպիսկոպոսական դասին եւ հաղորդակցաբար Պապին, որուն հետ՝ տիեզերական Եկեղեցիին հոգատարութեան կը մասնակցի։ Քահանաները իրենց պաշտօնատարութիւնը կը կատարեն առանձնական Եկեղեցիին քահանայական դասին հետ եւ հաղորդակցաբար իրենց Եպիսկոպոսին հետ եւ անոր իշխանութեան տակ։

181-Ինչու՞ եկեղեցային պաշտօնատարութիւնը անձնական բնոյթ մըն ալ ունի։

Եկեղեցային պաշտօնատարութիւնը նաեւ անձնական բնոյթ ունի, որովհետեւ Կարգի սուրբ Խորհուրդին զօրութեամբ անոնցմէ իւրաքանչիւրը անձնապէս պատասխանատու է Քրիստոսի առջեւ, որ զանոնք անձնապէս կանչեց անոնց առաքելութիւն մը յանձնելու համար։

182 -Ի՞նչ է Պապին առաքելութիւնը։

Պապը որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս եւ սուրբ Պետրոսի յաջորդ, Եկեղեցւոյ մշտնջենաւոր եւ տեսանելի սկիզբն եւ միութեան հիմնակէտն է։ Ան Քրիստոսի փոխանորդն է, Եպիսկոպոսներու Դասագլուխը եւ համայն Եկեղեցւոյ հովիւը, որուն վրայ ան Աստուծմէ հաստատուած լիակատար, գերագոյն, անմիջական եւ տիեզերական իշխանութիւն ունի։

All the contents on this site are copyrighted ©.