2008-10-27 13:48:43

Հոկտեմբեր ամիսը տօն Սրբոց թարգմանչաց ամիս։


 Հայ եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ այս տօնին յիշատակուած անուններն են. Մաշտոց, Եղիշէ, Մովսէս Քերթողահայր կամ Խորենացի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայ, Գրիգոր նարեկացի եւ Ներսէս Շնորհալի։ Ընդհանրապէս կը կարծուի թէ այս տօնը 5-րդ դարու հայ թարգմանիչ հայրերու նուիրուած տօն մըն է, այսինքն անոնց` որոնք Աստուածաշունչը եւ այն ժամանակի յոյն եւ ասորի եկեղեցական մեծ դէմքերու գործերէն թարգմանեցին։ Սակայն տօնին առիթով յիշատակուած դէմքերը միմիայն 5-րդ դարու մտաւորականներ չեն. օրինակ Գրիգոր նարեկացի 10-րդ դարու, իսկ Ներսէս Շնորհալին 12-դարու դէմքեր են։ Ուրեմն ի՞նչ հասկնալ տօն Սրբոց թարգմանչաց ըսելով։ Թարգմանիչները միմիայն անոնք չեն, որ խօսք մը կամ գրութիւն մը լեզուէ մը ուրիշ լեզու կը փոխադրեն, այլ նաեւ անոնք են, որ կը մեկնաբանեն։ Եթէ օրուայ շարականին նայինք պիտի տեսնենք , որ մեր հայրերը սուրբ Թարգմանիչներու տօնով նկատի ունեցած են բոլոր այն մտքի եւ հոգիի սպասաւորները, որոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնները յաջողապէս եւ գեղեցկօրէն մեր ժողովուրդի կեանքի մէջ բերին, որպէսզի զայն իբր Աստուծոյ ոչխարներու խումբ առաջնորդեն։ Արդ, սուրբ Թարգմանիչներու տօնին յիշուած անուններէն զատ` մենք կրնանք յիշել նաեւ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր այն դէմքերը, որոնք մեր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքը պայծառացուցին, զայն դարձուցին նոր ժողովուրդ։

Մեսրոպ մաշտոցը եւ Մովսէս մարգարէն - Մեսրոպ մաշտոցի աշակերտներէն Կորիւն վարդապետը իր Վարք մաշտոցի գիրքին մէջ գրած է թէ Մաշտոց գիրերը ստեղծելէ ետք հոգելից ուրախութեամբ Հայաստան կը հասնէր. եւ թէ՝ երբ Մովսէս մարգարէն Սինայի լեռնէն աստուածագիր պատուիրանները շալկած վար իջաւ, չունեցաւ այն երջանկութիւնը, որ Մաշտոցինը եղաւ։ Մովսէսի ժողովուրդը ոսկեայ հորթ շինած էր եւ զինք փրկող Աստուածը ուրացած, իսկ մաշտոցի ժողովուրդը ճամբաները ելած էր դիմաւորելու մեծ վարդապետին հետ իրեն եկող աստուածային լոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.