2008-10-27 13:46:14

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Ըստ գերմանական լրատու գործակալութեան մը ամերիկեան ուղաթիռներ սուրիական գիւղի մը մէջ 7 հոգի կը սպաննեն։

Գերմանական Տի Փի Էյ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան չորս ուղղաթիռներ երէկ գիշեր սուրիական օդային տարածքը բռնաբարած են՝ իրաքեան սահմանին մօտ գտնուող Պուքամել շրջանին մէջ։ Երկու ուղղաթիռներ էջք կատարած են Սաքրիէ գիւղին մէջ, իսկ երկու ուրիշներ մնացած են օդին մէջ։ Ըստ լրատու գործակալութեան, ուղղաթիռէ մը ութ զինուորներ էջք կատարելով կրակ բացած են շինարարական աշխատանք տանող խումբ մը աշխատաւորներու վրայ՝ սպաննելով 7 հոգի եւ վիրաւորելով 4 ուրիշներ, ապա թռիչք առնելով հեռացած են սուրիական օդային տարածքներէն։ Պուքամելի մէջ Պասել հիւանդանոցի աղբիւրներ, լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ հիւանդանոց 7 դիակներ եւ չորս վիրաւորներ հասած են՝ հաստատելով, որ անոնք բոլորն ալ փամփուշտներ ստացած են։

Լիվնի, Իսրայէլի մէջ կանխահաս ընտրութիւններու կոչ կ՝ուղղէ։

Իսրայէլ երէկ ուղղուեցաւ դէպի խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ, երբ իշխող կուսակցութեան ղեկավար Ցիփի Լիվնի դադրեցուց նոր կառավարութիւն մը կազմելու աշխատանքը։ Զարգացում մը, որ մեծ հաւանականութեամբ վերջ տուաւ պաղեստինցիներուն հետ այս տարի խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կնքելու յոյսերուն։ Ըստ քաղաքական մեկնաբաններու, կանխահաս ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 17 փետրուարին, խորհրդարանական ընտրութիւններու նախատեսուած թուականէն աւելի քան մէկ տարի առաջ։

Եմենի մէջ ողողումները 41 զոհ կը պատճառեն

Առնուազն 41 զոհ արձանագրուեցաւ եւ տասնեակներով ուրիշներ անյայտացան, երբ Եմէնի մէջ տեղատարափ անձրեւներ երկրին մէջ լայն տարածքներ ջուրով ծածկեցին։ Եմէն տարուան այս ժամանակաշրջանին հակամէտ է ողողումներ դիմագրաւելու, սակայն ոչ այս տարողութեամբ։ Ամէնէն շատ վնասուած շրջանը Եմէնի հարաւարեւելեան շրջանն է, որ երեսուն ժամ շարունակ տեղատարափ անձրեւներ դիմագրաւած է եւ եմէնական իշխանութիւններուն կողմէ աղէտեալ գօտի յայտարարուեցաւ։ Բանակային ուղղաթիռներ կը մասնակցին փրկարար աշխատանքներուն։ Եմէն աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներէն է։ Ան հիւսիսի եւ հարաւի մէջ ըմբոստութիւններու դէմ եւ Քայիտայի գործունէութեան աշխուժացման դէմ կը պայքարի։ Մինչ այդ, մարդասիրական օժանդակութեան գործակալութիւններ իրենց կարելին կ՜ընեն օժանդակելու, սակայն ողողումները ճամբաներուն, ելեկտրականութեան եւ ջուրի բաշխման ցանցերուն մեծ վնասներ հասցուցած են, ինչ որ անոնց աշխատանքը մեծապէս դժուարացուցած է։ Շուրջ երկու հազար տուներ քանդուած են եւ զոհերուն շարքին մանուկներ եւս կան։








All the contents on this site are copyrighted ©.