2008-10-26 17:35:12

Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը Ս. Պետրոս Պազելիքայի մէջ մատուցած հանդիսաւոր պատարագով եզրափակեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները Ս. Գիրքը եկեղեցւոյ կեանքի ու առաքելութեան մէջ նիւթին մասին։


Կիրակի առաւօտ Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը Ս. Պետրոս պազելիքայի մէջ հանդիսաւոր համապատարագով եզրափակեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական ԺԲ Սիւնոդոսի աշխատանքները` որ տղի ունեցան Վատիկան, հոկտեմբեր 5-26։ Սիւնոդոսին նիւթն էր. Ս. Գիրքը եկեղեցւոյ կեանքի ու առաքելութեան մէջ ։ Սրբազան Պապին հետ համապատարագեցին 326 Հայրեր, որոնց 52ը կարտինալներ են, 14 արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքները, անոնց շարքին կար շարքին ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս 19-րդ կաթողիկոս պատրիարքը, 45 արքեպիսկոպոսներ, 130 եպիսկոպոսներ եւ 85 քահանաներ։

Ս. գրային ընթերցումէն անմիջապէս ետք Սրբազան հայրը քարոզ մը արտասանեց եւ ի մէջ այլոց ըսաւ. Տիրոջ խօսքը, որ այժմ ունկնդրեցինք, մեզի կը յիշեցնէ թէ աստուածային Օրէնքը կ`ամփոփուի Սիրոյ բառին մէջ։ Աւետարանը ի յայտ կը դնէ թէ Քրիստոսի աշակերտ ըլլալը կը նշանակէ գործադրել Անոր ուսուցումը, որ կը համառօտուի սիրոյ պատուիրանով։ Քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան կեանքին մէջ կը տեսնենք գործադրութիւնը սիրոյ պատուիրանին։ Պօղոս առաքեալի Թեսաղոնիկեցիներու ուղղած առաջին թուղթին մէջ կը կարդանք. դուք սկսաք մեզի նմանիլ, մեզի եւ Տիրոջ, ընդունելով խօսքը, բազմաթիւ նեղութիւններու մէջ, Սուրբ Հոգիէն տրուած ուրախութեամբ, եւ այսպէս օրինակ հանդիսացաք Մակեդոնիայի եւ Աքաիոյի բոլոր հաւատացեալներուն։ Արդարեւ ձեր քովէն հնչեց Աստուծոյ խօսքը եւ ձեր հաւատքն առ Աաստուած ծաւալեցաւ ոչ միայն Մակեդոնիա եւ Աքայիա, այլ` նաեւ բոլոր կողմերը, այնպէս որ ալ կարիք չունինք այս մասին բան մը ըսելու։ Թեսաղոնիկեցիներու այս փորձառութենէն, ըսաւ Սրբազան Պապը, կարելի է հետեւեալ դասը քաղել թէ եղբայրսիրութիւնը կու գայ անսալով Աստուծոյ խօսքը, հետեւաբար, յառեց Սրբազան Հայրը, որքան կարեւոր է անսալ ու ապրիլ Աստուծոյ խօսքը մեր անհատական ու հասարակական կեանքին մէջ։

Իսկ կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը դարձեալ խօսեցաւ եպիսկոպոսական սիւնոդոսին մասին եւ յայտնեց թէ այդ Սիւնոդոսին աւարտին Արեւելքի Պատրիարքները մատնանշած են թէ Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ քրիստոնեաները թիրախ են անողորմ հալածանքի ու ջարդի։ Անոնցմէ շատերը տեղահան եղած են ու հեռացած հայրենական օճախներէն։ Իմ միտքս կու գայ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մասնաւորապէս Իրաքը եւ Հնդկաստանը։ Անոնք առանձնաշնորհումներ չեն պահանջեր, այլ կը բաղձան ապրիլ իրենց հայրենիքին մէջ։ Վերոհիշեալ երկիրներու պատասխանատուներէն կը խնդրեմ որ ամէն ջանք թափեն վերահաստատելու օրինականութիւնը ու քաղաքացիական համակեցութիւնը։ Ապա Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ յառաջիկայ տարի, հոկտեմբեր ամսսոյն մէջ, Հռոմ տեղի պիտի ունենայ Ափերիկէի եպիսկոպոսական խորհուրդի եկտորդ համագումարը եւ միտք ունիմ այցելել Գամերունը եւ Անկոլան։ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին յանձնենք յաջողութիւնը ափրիկեան Սիւնոդոսին։

այս խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Պապը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ հուսկ բոլոր ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.