2008-10-26 17:39:36

Հայ Աւետարանական Քոլէճի Հիմնադրութեան 85-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում


ՊԷՅՐՈՒԹ- Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Պէյրութի Եունէսքօի պալատի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայ աւետարանական քոլէճի հիմնադրութեան 85ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը։

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերներու ունկնդրութենէն ետք Հայ աւետարանական քոլէճի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ Արտա Էքմեքճի արաբերէնով եւ հայերէնով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ան հաստատեց, թէ Հայ աւետարանական քոլէճը, որ հիմնադրուած է 1923ին, եղած է Սփիւռքի յետեղեռնեան առաջին աւետարանական վարժարանը եւ հակառակ Լիբանանի մէջ տեւած դժուար կացութիւններուն, քաղաքացիական պատերազմին եւ իսրայէլեան յարձակումներուն, քոլէճը անընդհատ շարունակած է իր կրթական առաքելութիւնը եւ ցարդ ունեցած է աւելի քան 1500 շրջանաւարտ։

Օրուան բանախօսն էր Ամերիկայէն հրաւիրուած վաստակաւոր կրթական մշակ Ժանէթ Քասունի։ Ան վկայեց, որ ինք ականատես եղած է վարժարանի աւետարանական առաքելութեան, անոր հոգեւոր, բարոյական եւ ընտիր դաստիարակութեան։

Ան նկատել տուաւ, որ 1923ին հիմնուած Հայ աւետարանական քոլէճի 1500է աւելի շրջանաւարտները աշխարհի չորս կողմերը Եղեռնի՝ իրենց նախնիներուն պատճառած դառն վէրքերը կը դարմանեն։ Հայ աւետարանական քոլէճը հարազատ զաւակն է հայ աւետարանականութեան եւ հետեւած է հիմնադիր եկեղեցիի հաւատամքին, շեշտեց բանախօսը Ժանէթ Քասունի՝ աւելցնելով, որ իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ քոլէճը հետեւած է ժամանակներու պահանջին՝ միշտ բարեփոխութիւններով, որոնք քոլէճը հասցուցած են իր առաքելութեան բարձունքին։

Քոլէճի վաստակաւոր ուսուցիչ դոկտ Ապպաս Քասեմ խօսք առնելով՝ շնորհաւորեց քոլէճի 85ամեակը՝ մաղթելով, որ ան յարատեւէ իր առաքելութեան մէջ։

Այնուհետեւ դոկտ Արտա Էքմեքճի հրաւիրեց ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր դոկտ Փոլ Հայտոսթեան, որպէսզի քոլէճի հոգաբարձութեան անունով յուշատախտակ մը յանձնէ 41 տարիէ ի վեր քոլէճի տնօրէն դոկտ Զաւէն Մսըրլեանին, որ իր կարգին խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց յուշանուէրին համար եւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց քոլէճի պատմութիւնը՝ շեշտելով, որ քոլէճը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն հետամուտ եղած է հայկական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան՝ բարձրագոյն եւ որակաւոր ուսման կողքին։

Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրը հարստացաւ երգով ու նուագով։ Յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայ աւետարանական քոլէճի երգչախումբը, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցաւ քոլէճին պատմութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.