2008-10-25 13:50:52

Յայտնաբերուած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Փաստող Լուսանկարի Մը Բնօրինակը


Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹՀ) տարած հետազօտական աշխատանքներուն շնորհիւ արձանագրուեցաւ ուշագրաւ նոր բացայայտում մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող կարեւոր լուսանկարի մը բնագրի յայտնաբերումը։

Լուսանկարը առնուած է 1915ին Կովկասեան ճակատին վրայ, ռուս զինուորականի մը կողմէ։ Նկարին մէջ պատկերուած է Մուշի շրջանի Շէյխալան գիւղը տեղի ունեցած կոտորածներու ընթացքին հրկիզուած հայ բնակիչներու մասունքները։

Եզակի լուսանկարը 1917ին Թիֆլիս հրատարակուած Գաղթականական ալպոմի լաւ պահպանուած լուսանկարներէն մէկն է։ Ալպոմը բաղկացած է 62 բացառիկ լուսանկարներէ, որոնք կը ներկայացնեն հայերու զանգուածային սպանդը։ Սակայն յիշեալ 62 լուսանկարներուն բնօրինակներէն պահպանուած են միայն քանի մը հատը։

Բարեբախտաբար, ի տարբերութիւն միւսներէն, այս յատուկ նկարը պահպանուած է լաւ վիճակի մէջ եւ կը կրէ 74 թիւը, ինչ որ կը վկայէ ռուս զինուորներուն կողմէ Համաշխարհային Առաջին պատերազմի տարիներուն առնուած լուսանկարներու աւելի մեծ հաւաքածոյի գոյութեան մասին։ Լուսանկարին հակառակ կողմը ռուսերէն լեզուով մակագրուած է՝ Թրքական զօրքերու կողմէ կենդանի այրուած հայերը Շէյխալան գիւղին մէջ։

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հետամուտ է յայտնաբերելու եւ համալրելու հաւաքածոյի միւս լուսանկարները, որոնք պիտի նպաստեն հիմնարկին կողմէ նախաձեռնուած աշխատանքներուն՝ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան առնչուող լուսանկարներու հաւաքագրման գործին յաջողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.