2008-10-25 14:12:48

Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ընդունեց Հայր Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեանը։




Լոս Անջելոս -Հինշաբթի, 16 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Մխիթարեան հայրերու վարժարանի ընդհանուր պատասխանատու Օգոստինոս վրդ. Սեքուլեանի այցելութիւնը։ Հայր սուրբը առաջնորդարան եկած էր, փոխադարձելով առաջնորդ սրբազանին այցելութիւնը։ Առաջնորդը ողջունեց հիւր հոգեւորականը եւ ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեց առաջնորդարանի հովանիին տակ տարուող աշխատանքներուն մասին։ Հայր Օգոստինոս իր կարգին անդրադարձաւ հայեցի դաստիարակութեան առնչուող հարցերու եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց թեմի յաւելեալ ծաղկումին համար։

Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդը հիւր հոգեւորականին նուիրեց առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի Մեսրոպավէպ հատորէն օրինակ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.