2008-10-25 13:53:01

կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսը կը հրապարակէ Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամը։


Ամէն եպիսկոպոսական սիւնոդոսին աւարտին, ժողովական հայրերը սովոր են պատգամ մը ուղղել Աստուծոյ ժողովուրդին։ Պատգամը լեցուն է Ս. Գիրքի մէջբերումներով կը շօշափէ շատ մը հարցեր որ ի յայտ եկան Սիւնոդոսի ընթացքին, ինչպէս. Աստուածաշունչի ուղիղ մեկնաբանութիւնը, Աստուծոյ խօսքին ծաւալումը, քրիստոնեաներու միութիւնը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը աղքատներու։

250 Հայրապետներու պատգամը կազմուած է 15 հատուածներէ, որոնք ամփոփուած են չորս գլուխներու ներքեւ. Բանին ձայնը, Յայտնութիւնը, Բանին դիմագիծը` Յիսուս Քրիստոս, բանին տունը` Եկեղեցին ու Բանին ուղիները` առաքելութիւնը։ Այս վաւերաթուղթին մէջ հետեւաբար ի յայտ կու գան բազմաթիւ նիւթեր որոնք ծեծուեցան սիւնոդոսական Հայրերու, ունկնդիրներու եւ մասնագէտներու կողմէ վերջին երեք շաբաթներու աշխատանքին ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ պապի ներկայութեամբ։ Պատգամին խմբագիրն է գերապայծառ Ճիանֆրանգօ Ռավազի` նախագահը մշակոյթի քահայանապետական խորհուրդին։

Շաբաթ` 15 հոկտեմբեր 2008-ին սիւնոդոսական Հայրերը Սրբազան Քահայանապետին յանձնեցին դրական 50 առաջարկներ, որպէսզի իր կարգին հրապարակէ յետ-սիւնոդոսական յորդորագիր մը։

Սիւնոդոսական Հայրերը ,պատգամին մէջ, կը մատնանշեն թէ Ս. Գիրքի ընթերցումը կ`ենթադրէ որոշ հմտութիւն մը , առանց որու կարելի է ծայռայեղութեան վտանգի մէջ իյնալ։ Ս. Գիրքի մեկնաբանութեան ճանաչումը հարկ է ներմուծել հոգեւորութեան ու աստուածաբանութեան աւանդութեան որպէսզի չխզուի կապը Յիսուս Քրիստոսի աստուածային ու մարդկային միութեան եւ Աստուածաշունչի միջեւ։

Պատգամին մէջ սիւնոդոսական Հայրերը կը բաղձան որ քրիստոնէական կեանքի առանցքը ըլլան Աստուծոյ խօսքի ծիսակատարութիւնը եւ Ս. Զոհի մատուցումը։ Նոյնպէս կը բաղձան որ խորհրդակատարը պատշաճ ոճով բացայայտէ Աստուծոյ խօսքը եւ կը քաջալերեն որ Ս. Գիրքի ընթերցումը ըլլայ մտածականի ու խորհրդածութեան ճամբով։

Սիւնոդոսական Հայրերը համոզուած են որ ամէն ընտանիք պէտք է ունենայ իր Ս. Գիրքը, զայն խնամքով պահպանէ, կարդայ ու անով աղօթէ։ բաղձալի է նաեւ լսելի դարձնել Աստուծոյ խօսքը ձայնասփիւռի եւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներով, ասոր համար Եկեղեցւոյ պատասխանատուները հարկ է որ զինուած ըլլան ոչ միայն արուեստագիտականօրէն այլեւ մշակոյթով։

Երկարաշունչ պատգամը կ`եզրափակուի խօսքով մը ուղղած բոլոր այն եղբայրներուն ու քոյրերուն որոնք կը հալածուին, եւ կամ նահատակուեցան Աստուծոյ խօսքի քարոզութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի իրենց տուած վկայութեան պատճառաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.