Home Archivio
2008-10-24 15:37:46
ֆրանսայի առողջապահութեան հովուութեան պատասխանատուներու ուխտագնացութիւնը Լուրտի Տիրամօր սրբավայրին 13-15 նոյեմբեր
ֆրանսայի առողջապահութեան հովուութեան շուրջ 2.000 պատասխանատուներ, յառաջիկայ նոյեմբեր 13-15, ուխտագնացութիւն պիտի կատարեն Լուրտի սրբավայրին։ Մարեմեան սրբավայրին մէջ ֆրանսայի առողջապահութեան հովուութեան պատասխանատուները իրենց առաջին ազգային խորհրդաժողովը պիտի գումարեն եւ միաժանակ պիտի յիշատակեն հիւանդանոցներու մատրանապետերու հովուութեան 60-րդ տարեդարձը, անկարներու հոգեւոր խնամատարութեան 50-րդ տարեդարձը եւ առողջապահութեան հովուութեան 25-րդ տարեդարձը։ Խորհրդաժողովին աւարտին մասնակցողները առաջարկներ պիտի բանաձեւեն ներկայացնելու ռրանսայի եպիսկոպոսական համաւաք դասին։
All the contents on this site are copyrighted ©.