2008-10-24 15:27:13

Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը, յառաջիկա 30 նոյեմբերին, հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Հռոմի Սան Լորենցօ ալ Վերանօ կոչուած ժողովրդապետութեան։

Իր քահայանապետութեան այս 7-րդ անգամն է, որ Պենետիկտոս ԺԶ պապը այցելութիւն պիտի կատարէ իր թեմի մէկ ժողովրդապետութեան։ Նորին սրբութիւնը երկու ժամուայ այցելութիւն պիտի կատարէ Սան Լորենցօ ալ Վերանօ կոչուած եկեղեցին, որ կը գտնուի մայրաքաղաքին արեւելքը։ Սան Լորենցօ ալ Վերանօ եկեղեցին, կերտուած է Դ դարուն Կոստանտին կայսերի կողմէ։ Զ եւ ԺԳ դարերուն վերակերտուած է, եւ մաս կը կազմէ Հռոմի պատրիարքական 5 պազելիքաներու։ Տաճարին մէջ կը հանգչի սուրբ Լաւրենտիոսի աճիւնները, Հռոմ նահատակուած 258 թուականին Վաղերիանոսի հալածանքներուն։ Ժողովրդապետութիւնը 2008ին ոգեկոչեց սուրբին նահատակութեան 1750-րդ տարեդարձը։ Այդ պազելիքայի մէջ կը հանգչին Հիլարիոս (461-468) եւ Պիոս Թ (1846-1878) պապերը, ինչպէս նաեւ իտալացի անուանի քաղաքագէտը Ալչիդը տէ Կասբրի (1881-1946), Եւրոպայի հիմնադիր հայրերէն մէկը։ 1374-1847 Սան Լորենցօ ալ Վերանօ պազելիքան եղած է աթոռը Երուսաղէմի լատին պատրիարքութեան։ Բ աշխարհամարտին, Յուլիս 1943ին, անոր ճակատը կործանեցաւ ռմբակոծումի մը հետեւանքով եւ ապա վերակարուցուեցաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.