2008-10-23 13:00:57

ֆիլմերու փառատօն Արցախի մէջ


Ասպարէզ- ԼՂՀ նախագահը Բակօ Սահակեան ընդունած է թատերական գործիչներու խումբ մը ՙ ՙ Ղոլան Պիքով ՚ ՚ հիմնադրամի նախագահ՝ Արմէն մետվետեւի գլխաւորութեամբ։ Թատերական գործիչները Արցախ ժամանած էին Ռուսիայէն,
Ուքրանիայէն եւ Հայաստանէն՝ Մանկապատանեկան տեսաերիզներու Դ. միջազգային փառատօնի լոյսին տակ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ ֆիլմի արուեստի զարգացման հարցերու լայն շրջանակ։ Երկուստէք նշուած է փոխադարձ այցելութիւններու եւ համագործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ Արցաքի մասին ֆիլմերու արտադրութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ղարաբաղի նախագահը առաջարկած է որ Արցախի մէջ ֆիլմերու փառատօն կազմակերպուի. ան մեծապէս պիտի նպաստէ Ղարաբաղի մէջ այդ ոլորտին զարգացման գործին. հիւրերը ողջունած են Ղարաբաղի նախագահին առաջարկը։







All the contents on this site are copyrighted ©.