2008-10-23 13:17:52

Փարիզի մէջ հոգեհանգստեան պատարագ կրօնաւորուհի Էմմանուելայի հոգւոյն


22 հոկտեմբեր 2008-ին Փարիզի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ ի յիշատակ կրօնաւորուհի Էմմանուելային։ Ծիսական արարողութեան մասնակցեցան բազմահազար հրաւիրեալներ ու հաւատացեալներ, որոնք եկած էին մեծարելու յիշատակը այսպէս կոչուած Գահիրէի քուրջաքաղ կրօնաւորուհիին։

Ներկաներու մէջ կային ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը Նիքոլա Սարքոզին եւ իր կողակիցը, երբեմնի նախագահ Ժագ Շիրագը իր կողակիցին հետ, Եգիպտոսի նախագահ՝ Հիւսնի Մուպարաքին կողակիցը եւ ֆրանասայի ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէր։

Իր արտասանած քարոզին մէջ,Փարիզի առաջնորդը կարտինալ Անտրէ Վէան-թրուա շեշտը դրաւ կրօնաւորուհի Էմմանուելային կեանքին յատկանշանական կէտին` սիրոյ զօրութեան վրայ։ Սէրը, ըսաւ կարտինալը, կ`ենթադրէ իր անձին կատարեալ նուիրումը։ Փարիզի առաջնորդին համար քոյր Էմմանուէլան գիտցաւ շահագործել հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները ոչ թէ իր անձը ճանչցնելու համար, այլ ի յայտ դնելու ընչազուրկերու ողբերգական կացութիւնը։ Մենք ամէնքս կանչուած ենք դաս քաղելու քոյր Էմմանուէլայի անշահախնդիր նուիրումէն ու սէրէն հանդէպ ընչազուրկերուն։ Անոր մահը, ըսաւ Փարիզի առաջնորդը իր քարոզը եզրափակելով, թող ըլլայ մեզի առիթ՝ ծառայելու աշխարհի աղքատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.