2008-10-23 13:22:20

կրօնաբարոյական հարցեր' Տիեզերքի ստեղծագործութիւնը 6 օրուայ մէջ, ըստ Ս. Գրքի


Աստուածաշունչի առաջին գիրքը` որ կը կոչուի Գիրք Ծննդոց, հետեւեալ կարգը կու տայ Աստուծոյ կատարած ստեղծագործութեան. Հետեւինք կէտ առ կէտ, կամ աւելի ճիշդ, օր առ օր ստեղծագործութեան պատմուածքին։

Առաջին օր – Աստուած կը զատէ լոյսը խաւարէն. Ըստ հեղինակին, տրամաբա-նականօրէն խաւարը գոյութիւն ունէր լոյսէն առաջ. Լոյսը խաւարէն բաժնելով` Աստուած կը կատարէ առաջին ստեղծագործ արարքը, որով խաւարը կը ներկայացնէ քաոսը, ոչինչը. Որպէսզի ստեղծագործութիւն մը տեղի ունենայ պէտք ունի լոյսի, լոյսն է որ ցոյց կու տայ թէ բան մը իրապէս գոյութիւն ունեցած է եւ մէջտեղ եկած ոչինչէն։ Հոս նկատի առնելու է նաեւ ժամանակի բաժանումի ձեւը որ զուտ հրէական է. իրիկուն եղաւ, առաւօտ եղաւ, օր մէկ. Հրէաներու սովորութիւնն էր – եւ է մինչեւ օրս - օրուան սկիզբը հաշուել նախորդ օրուայ իրիկնամուտին։

Երկրորդ օր – ստեղծում երկնքի եւ երկրի եւ բաժանում անոնց ջուրերուն. Դարձեալ կը ստեղծուին երկինքն ու երկիրը զանոնք իրարմէ բաժնելով, որով ըստ նախնական աշխարհագիտութեան, անոնք իրարու միացած էին եւ կը կազմէին մէկ անձեւ նիւթ մը. Հիները կը կարծէին թէ աշխարհը տափակ է եւ թէ երկնքը գմբէթաձեւ է եւ կը պատէ աշխարհը, կենալով անոր վրան եւ շուրջը. Իսկ երկնքի ետին` ջուրեր կը գտնուէին, ոորոնք կու տային երկնքին իր կապոյտ գոյնը։

Երրորդ օր – Աշխարհը նախապէս ջուրերու կոյտ մը ըլլալով, - միշտ ըստ հիներու մտայնութեան – պէտք էր յառաջ բերել հողը, կամ ցամաքը, ուր պիտի գային ապրելու վերջին օրը ստեղծուելիք արարածները. Ահա հոս ալ կը մտնէ բաժանումի գաղափարը. Աստուած զատեց ու անջատեց ցամաքը ջուրէն. Ջուրերը կազմեցին ծովերն ու լիճերը, իսկ ցամաքը կազմեց զանազան հողամասերը։ Ցամաքը չի մնաց սակայն անբերրի, որովհետեւ ցամաքին վրայ անմիջապէս ստեղծուեցան բոյսերը։

Չորրորդ օր – Ահա կը ստեղծուին արեւը, լուսինը եւ երկնքի բոլոր աստղերը. Մինչ արեւի ստեղծումը ունէր անշուշտ իր օգուտը, որովհետեւ կը լուսաւորէր աշխարհը, օրուան ընթացքին, սակայն կարելի չէ ըսել թէ նոյն լոյսն է որ կը զատուի խաւարէն. Որով աշխարհը, իր ստեղծումի առաջին օրէն իսկ լոյսի մէջ է. երեկոյեան մութը չի նշանակեր թէ կը դառնանք դէպի խաւար, որովհետեւ երեկոները նաեւ լոյսի մէջ կը մնան շնորհիւ լուսնին եւ աստղերուն։ Իսկ լուսինի ստեղծումը շատ էական է, որովհետեւ լուսինը կը շարժի եւ իր շարժումը կ՛երեւի. Ու այդ շարժումին նայելով է որ ժողովուրդը կրնայ գիտնալ ամիսները, տարիները եւ եղանակները։ Անշուշտ այդ շրջանին չէին կրնար տակաւին երեւակայել թէ աշխարհը կը դառնար արեւուն շուրջ եւ արեւն ալ իր կարգին աստղ մըն է որ կը դառնայ։

Հինգերորդ օր - Ստեղծուած անջրպետները կը սկսին բնակուիլ, ձուկերը` ծովուն մէջ եւ թռչունները` օդին մէջ։

Վեցերորդ օր – Եւ ի վերջոյ կը ստեղծուին ցամաք երկրի վրայ բնակող էակները, նախ անասունները, ապա` մարդը՝. Մէկ օրուած մէջ խտացուած են ինչ որ յեղաշրջո-ղական վարկածի տէր փիլիսոփաները միլիոնաւոր տարիներու մէջ կը բաժնեն։ նկարագրութեան այս ձեւին գլխաւոր ուսուցումը այն է թէ մարդ ինք եւս ժամանակը բաժնելու է 7 օրուայ եւ վերջին օրը, 7-րդը հանգչելու է ինչպէս որ Աստուած ինքը կատարեց։

Եւ Եօթներորդ օրը` Աստուած հանգչեցաւ...








All the contents on this site are copyrighted ©.