2008-10-23 13:31:57

ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒ


ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ Հայաստանի նախաահ Սերժ Սարգսեան չորեքշաբթի օրը ընդունած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Շէյք Սիտի Տիարան։

նախագահ Սարսգեան բարձր գնահատած է ՄԱԿ-ի կառոյցներուն կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող օժանդակութիւնը։

Նշելով, որ Հայաստան ՄԱԿ-ին անդամակցելէն ի վեր աշխուժօրէն կը մասնակցի կազմակերպութեան աշխատանքներուն, Ս. Սարգսեան ըսած է, որ առանց ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցներու ուղղակի օժանդակութեան, շատ դժուար պիտի ըլլար շարք մը մարզերու մէջ մշակել եւ իրականացնել արդիւնաւէտ ծրագիրներ։

Կողմերը համակարծիք եղած են, որ գիտելիքի վրայ հիմնուած տնտեսութիւնը երկրին կարելիութիւն կու տայ շատ աւելի մրցունակ ըլլալ։

Զրուցակիցները խօսած են նաեւ հաղորդակցութեան այլընտրանքային ուղիներու մասին եւ ընդգծած են անոնց անհրաժեշտութիւնը։

Ըստ Ս. Սարգսեանին, հաղորդակցութեան կարելիութիւնները մեծցնելու աշխատանքին զգալիօրէն կրնայ օժանդակել նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարագցումի աստիճանը։



ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին, ըստ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան, երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են Ռուսիոյ մասնակցութեամբ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով ծրարգուող բարձր մակարդակով հանդիպման մօտակայ հեռանկարի նախապատրաստման գործնական հարցերը։

Յիշեցնենք, որ նախանցեալ օր Հայաստանի նախաահ Սերժ Սարսգեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռուսիոյ նախաահը յոյս յայտնած էր, որ ղարաբաղեան տագնապի կողմերը պատրաստ են բանակցային գործընթացի յառաջխաղացքին։



ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԱՐԲԱՆԵԱԿ ՄԸ ԼՈՒՍԻՆ ԿՈՒՂԱՐԿԷ

Հնդկաստան երէկ երկամեայ առաքելութեամբ արբանեակ մը դէպի լուսին ուղարկեց՝ անոր մակերեսի քարտէսները գծելու համար։

Հնդկական Անջրպետի հետազօտութեան կազմակերպութեան նախագահ Մատհաւան Նայիր յայտնեց, որ առաքելութիւնը լուսինին առեղծուածը լուծելու համար է։ Դէպի լուսին մեր թռիչքը սկսանք եւ առաջին բաժինը կատարելապէս լաւ անցաւ։ Մինչեւ օրս միայն Միացեալ Նահաններ, Ռուսիա, Եւրոպական անջրպետագնացութեան գործակալութիւնը, Ճափոնն ու Չինաստան դէպի լուսին արբանեակներ ուղարկած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.