2008-10-22 13:18:11

ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ


 Հովանաւորութեամբ Արամ Ա կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, երեքշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2008-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Անթիլիասի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ վերաբացումը հայ կիներու հոգեւոր լսարաններուն։ Ամառնային եռամսեայ դադարէն ետք, անգամ մը եւս կը հրաւիրուին հայ կիները, որպէսզի ամէն երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10-11 ներկայ գտնուին Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցող սոյն հոգեւոր դասախօսութիւններուն։ Յայտնենք, որ շուրջ ժամ մը տեւող լսարանի ընթացքին տեղի կունենայ հոգեւոր խորհրդածութիւն, սաղմոսերգութիւն, աղօթասացութիւն, շարականի ուսուցում, հոգեւոր դասախօսութիւն եւ պատգամ՝ առաջնորդութեամբ միաբան հայրերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.