2008-10-22 13:06:07

Լինսի 185.000 Տոլար Կը Նուիրէ Հայ Քոյրերու Վարժարանին


ՄՈՆԹՐՈԶ- Ասպարէզ -Հայ Քոյրերու վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ Լինսի հիմնարկը 2008-2009 տարեշրջանին համար 185,000 տոլար առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարած է վարժարանին, որ մեծամասնութեամբ պիտի տրամադրուի վարժարանին ճարտարաիտական, արխիւային ու ուսուցչական կարիքներուն։ Լինսի հիմնարկի նախագահ Ճէյ Ռաքօ եւ փոխնախագահ Յարութ Սասունեան անցեալ Մայիսին այցելած էին Հայ քոյրերու վարժարանը, ուր հանդիպում մը ունեցած՝ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի եւ վարժարանի խորհրդական մարմնին հետ, միաժամանակ այցելելով շարք մը դասարաններ։ Միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութիւնը, անձնակազմը եւ ծնողքները կ`ողջունեն այս առատաձեռն նուիրատուութիւնը, որ բնականաբար պիտի հարստացնէ վարժարանին կրթական կեանքը։ 1985ին հաստատուած Հայ քոյրերու վարժարանը մէկն է Անաղարտ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան հովանիին տակ եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող երեք վարժարաններէն եւ վարկաւորուած է WASCի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.