2008-10-22 13:33:34

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵՆՔ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԵՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒԻԿԸՍԷ ՏՄԻԹՐԻ ՄԵՏՎԵՏԵՒ


Ազդակ՚ - Նախագահ Սերժ Սարսեանի հրաւէրով, երկուշաբթի երեկոյեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ։ Այցելութեան շրջանակներուն մէջ Տմիթրի Մետվետեւ երէկ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ եւ ծառատունկ կատարած է Յիշատակի պուրակին մէջ։Նախագահներու զրոյցէն ետք տեղի ունեցած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ՝ հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ, որոնց հետեւած է միացեալ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը։Երկու նախագահներուն մասնակցութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանին կից բացումը կատարուած է Ռուսիոյ հրապարակին։ Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Տ Մետվետեւ նշած է, որ անկեղծօրէն ուրախ է անգամ մը եւս Հայաստանի մէջ գտնուելուն եւ Ռուսիոյ հրապարակին բացումը կատարելուն համար։Ըստ անոր, այս իրադարձութիւնը կը հաստատէ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի եղբայրական զգացումներուն անկեղծութիւնը եւ կը խօսի երկու երկիրներու յարաբերութիւններու խորութեան մասին։ Պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Տ Մետվետեւի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ս Սարգսեան յայտարարած է Հայաստան պատրաստ է շարունակելու ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւնները մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ։ Տ Մետվետեւ իր կարգին ընդգծած է, որ օգոստոսեան իրադարձութիւնները ցոյց տուած են, որ իւրաքանչիւր բարդ հարց պէտք է լուծուի միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ եւ բանակցութիւններու ճամբով։ Ըստ Ռուսիոյ նախագահին, դրական արդիւնքներու հասցնող որեւէ այլ ճամբայ գոյութիւն չունի, եւ ասիկա օգոստոսին Կովկասի մէջ տեղի ունեցած տագնապին գլխաւոր դասերէն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.